«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Միջդպրոցական «Արտասանական Եւ Նկարչական» Մրցումը
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸ Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, չորեքշաբթի, 15 մայիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ 10 նախակրթարաններու Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտութեանց, տեղի ունեցաւ արտասանութեան եւ նկարչութեան մրցում մը, ՀԲԸՄ – ՀԵԸ-ի Ահրամճեան կեդրոնին մէջ:
«Խօսնակ»-ի կողմէ կազմակերպուած արտասանութեան եւ նկարչութեան զոյգ մրցումները նուիրուած էին Արցախի ազատագրման 25-ամեակին, որուն մասնակցած էին Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարանի, Վահան Թէքէեան, Ազգային Ռուբինեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական Թորոսեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան, ՀԲԸ Միութեան Լ. Կ. Նազարեան եւ Պ. Կարմիրեան վարժարաններու 40 աշակերտ-աշակերտուհիներ:
Արտասանական մրցման համար կազմուած էր գնահատիչ յանձնախումբ մը, որ կը բաղկանար գաղութիս ծանօթ դերասան-ասմունքողներ` Թուխիկ Աւետիսեանէ, Արփի Աւետիքեանէ եւ Արփի Քարամանլեանէ եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Օհան Պոտրումեանէ: Իսկ նկարչական մրցման համար կազմուած գնահատիչ յանձնախումբը կը բաղկանար գեղանկարչուհի Լենա Այտընեանէ եւ արուեստի վաստակաւոր ուսուցիչ եւ արուեստագէտ Վազգէն Մուղալեանէ:
Մրցում-ցերեկոյթը սկսաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ Անժէլ Միսիսեանի բացման խօսքով: Ան ողջունելով մեր նորահաս սերունդի պատանի ներկայացուցիչները` շեշտեց կարեւորութիւնը նման հանդիպումներու ու միջոցառումներու, որպէսզի փառաբանենք մեր մայրենի լեզուն եւ զայն հնչեցնենք ամէն ժամ:
Ապա հերթականութեամբ սկսան արտասանել մասնակցող վարժարաններու Ե. կարգի աշակերտները, նախ Լ. Զ. Սիւրմէլեանի պարտադիր` «Ասացուածք ծառ տնկելու մասին» անուն բանաստեղծութիւնը, ապա` իրենց նախընտրած ազատ քերթուածը: Ե. կարգերու 10 աշակերտներու մեկնաբանութիւններէն ետք հերթը եկած էր Զ. կարգի աշակերտներուն, որոնք նախ արտասանեցին Մուշեղ Իշխանի` «Հայ լեզուն տունն է հայուն» բանաստեղծութիւնը, հուսկ ապա` ազատ քերթուածը:
Ուրախութիւն է, որ մեր վարժարաններուն մէջ բացառիկ հոգ կը տարուի հայոց լեզուին, պատմութեան ու արուեստներուն, որոնց շնորհիւ հայ աշակերտը աւելի ու աւելի կը կապուի մեր ժողովուրդի ազգային արժէքներուն, երեւոյթ մը, որ զգալի դարձաւ կատարուած արտասանական ու նկարչական մրցումներուն ժամանակ:
Երբ Բ. յարկի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենար քերթողութեան յաջող վազքը, վարը` Ա. յարկի վրայ կը կատարուէր գծագրութեան մրցումը, ուր թէ՛ Ե. կարգի եւ թէ՛ Զ. կարգի ուսանողութեանց համար որոշուած էին յանպատրաստից «Գարուն» եւ «Բնանկար» նիւթերը: Իրապէս հետաքրքրական էր պարզուող պատկերը: Նկարչութեան մրցման մասնակից 20 աշակերտներ, որպէս փոքրիկ գեղանկարիչներ, խոհականութեամբ ու մեծ լրջութեամբ կը շարժէին իրենց փոքրիկ մատները` թուղթին յանձնելով իրենց երեւակայութեան արգասիքները, գունաւորելով իրենց նկարները…
Արդիւնքներու յայտարարութենէն առաջ, «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակից 10 վարժարաններու տնօրէնութեանց, այդ վարժարաններու հայոց լեզուի եւ արուեստի ուսուցիչներուն` գնահատելով անոնց ազգանուէր ու կրթանուէր առաքելութիւնն ու գործակցութիւնը, եւ ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց դատական կազմի անդամներուն` իրենց անկողմնակալ գնահատանքին համար, ինչպէս նաեւ` Արմէն Յարութիւնեանին եւ Րաֆֆի Միքայէլեանին` իրենց տրամադրած նուէրներուն համար, որմէ ետք ան շնորհաւորեց բոլոր մասնակիցները` յայտարարելով, թէ այսօր «յաղթող ու յաղթուող չկայ, այլ բոլոր մասնակիցներն ալ յաղթանակած են… քանի որ ներկայ եւ ասոր նման բոլոր ձեռնարկները նետուած ձեռնոցներ են մեր ոսոխի դէմքին, որովհետեւ ան` արիւնարբու գազանը, 98 տարիներ առաջ կ՛ուզէր աշխարհի երեսէն ջնջել հայն ու հայուն անունը, իսկ մենք այսօր կա՛նք ու կը շարունակենք մեր պահանջատիրութեան երթը, որուն դրօշակիրները դո՛ւք էք, սիրելի աշակերտներ»:
Ապա Համբիկ Մարտիրոսեան շնորհաւորեց թէ՛ արտասանական եւ թէ՛ նկարչական մրցման լաւագոյնները եւ անոնց բաժնեց արժէքաւոր պարգեւներ:
Ըստ գնահատիչ յանձնախումբի որոշման, արտասանական մրցման Ե. կարգի Ա. պարգեւի արժանացաւ Լիթիսա Հեքիմեանը` Մեսրոպեան վարժարանէն, երկրորդ հանդիսացաւ` Նարօտ Խաչատուրը` Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարանէն, երրորդ հանդիսացաւ Փիթըր Մուրատեանը` Վահան Թէքէեան վարժարանէն, իսկ խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Քարոլին Սարեանը` Հայ աւետարանական Փ. Թորոսեան վարժարանէն:
Զ. կարգի առաջին հանդիսացաւ Կասիա Ժենեանը` Մեսրոպեան վարժարանէն, երկրորդ հանդիսացաւ Ծովակ Քէօշկերեանը` Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան վարժարանէն, երրորդ հանդիսացաւ Վանայ Ճորճեանը` ՀԲԸՄ-ի Նազարեան վարժարանէն, իսկ խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Լիլիթ Գույումճեանը` Հայ աւետարանական քոլեճէն:
Գալով նկարչական մրցման, Ե. կարգի առաջին հանդիսացաւ Հրանդ Գալեմքերեանը` Հ. եւ Մ. Արսլանեան Ճեմարանէն, երկրորդ հանդիսացաւ Արաքս Էլմայեանը` ՀԲԸՄ-ի Լ. Կ. Նազարեան վարժարանէն, երրորդ հանդիսացաւ Փոլ Քէշիշեանը` Վահան Թէքէեան վարժարանէն, իսկ խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Մարկրիթա Մայտոսթեանը` Հայ կաթողիկէ Հարպոյեան վարժարանէն:
Նկարչական մրցման Զ. կարգի առաջին հանդիսացաւ Մարիօ Սապունճեանը` Վահան Թէքէեան վարժարանէն, երկրորդ հանդիսացաւ Ալին Պետոյեանը` ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարանէն, երրորդ հանդիսացաւ Ճենիֆըր Քըյմեթլեանը` Հայ աւետարանական քոլեճէն, իսկ խրախուսանքի մրցանակին արժանացաւ Մարիա Գասպարեանը` Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանէն:
«Խօսնակ»-ի խմբագրութիւնը, գնահատելով զոյգ մրցումներուն մասնակցող բոլոր աշակերտները, իւրաքանչիւրին տրամադրեց յիշատակի նուէրներ ու գիրքեր:



