Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կազմակերպած «Ողիմպիականի Օր»-ը Կայացաւ Մեծ Խանդավառութեամբ

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, կիրակի, 2 յունիսին, Պէյրութի եւ անոր շրջակայքը գտնուող տարբեր շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցաւ «ողիմպիական օր»-ը` որ կայացաւ բաւական մեծ խանդավառութեամբ:

4 քմ վազքի մրցումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 տարեկան եւ վեր շուրջ 700 երկսեռ մասնակցողներ, ազդանշանը տուաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ:

Նորմանտիի շրջանին մէջ տեղի ունեցած վազքի այս մրցումէն բացի, տարբեր շրջաններու մէջ կատարուեցան նաեւ տարբեր տեսակի մարզական խաղեր եւ մրցումներ, որոնց կարգին` փինկ փոնկ, հեծելարշաւ, ժիւտօ, թեքուանտօ եւ այլն:

Աւարտին, «ողիմպիական օրուան» բոլոր մասնակցողները Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոկըի կողմէ տրամադրուած յատուկ վկայագիրներ ստացան:

Նշենք, որ բացման հանդիսութեան ներկայ եղան զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ֆետերասիոններու, միութիւններու եւ մարզական ակումբներու նախագահներ ու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ:

Share this Article
CATEGORIES