Մարտունիի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ներկայ Գտնուեցաւ Վոլիպոլի Մրցաշարքի Մը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունիսին այցելեց Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղը եւ հոն ներկայ գտնուեցաւ վոլիպոլի մրցաշարքի մը:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց հանրապետութեան գիւղական բնակավայրերուն մէջ այսպիսի նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը` աւելցնելով, որ անոնք կ՛օգնեն եւ կը հանդիսանան մատաղ սերունդի դաստիարակութեան կարեւոր մէկ մասը:

Նախագահ Սահակեան այս առիթով, երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանսահայ բարերար Կարպիս Նիկողոսեանին` այս նախաձեռնութեան աջակցելու համար:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին մարզական պետական կոմիտէի նախագահ Ռազմիկ Յովսէփեան եւ պաշտօնական այլ անձնաւորութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES