Կիրակի, 9 Յունիսին «Պայքաթոն Ժիպէյլ»-ի Հեծելարշաւի Մրցումը

Երէկ` երկուշաբթի, 3 յունիսին, Ժիպէյլի մէջ գտնուող մշակութային կեդրոնին մէջ տրուեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին «Պայքաթոն Ժիպէյլ»-ի հեծելարշաւի մրցումին մասին տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան ներկաներուն:

Այս հեծելարշաւի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 յունիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Հարֆ քաղաքին մէջ:

Նշենք, որ երէկուան այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեան:

Share this Article
CATEGORIES