Հայկական Ֆութպոլ. Տեղի Ունեցաւ Ալաշկերտի Պարգեւատրման Արարողութիւնը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիրացած Ալաշկերտի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ոսկի մետալները Ալաշկերտի մարզիկներուն յանձնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Իսկ Իմփուլսի յառաջապահ Նորայր Կէօզալեան ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբարկուին համար նախատեսուած «ոսկի կօշիկ»-ը:
CATEGORIES Մարզական

