Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Մարտականօրէն Տրամադրուած Է Իսլանտայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդներու ազգային հաւաքականը բարձր տրամադրութեամբ կը նախապատրաստուի Իսլանտայի դէմ 6 յունիսին տեղի ունենալիք մրցումին:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ աւարտած առաջին փորձերէն ետք հաւաքականին անդամներէն Աղուան Պապիկեան անդրադառնալով այս մրցումին ըսած է.
«Բնականաբար անձրեւը քիչ մը խանգարեց մեր փորձերը, սակայն առաւելագոյն ձեւով պիտի պատրաստուինք այս մրցումին: Դաշտ պիտի ներկայանանք յաղթելու նպատակով, եւ վստահ եմ, որ պիտի յաղթենք: Առաջին փորձերէն ետք դժուար է ըսել, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է խումբը, բայց ինչպէս ակնյայտ է, շատ լաւ վիճակի մէջ է կազմը»:
Սարգիս Ադամեան, որ առաջին անգամ ըլլալով միացաւ հաւաքականին, ըսաւ.
«Ես ուրախ եմ, որ միացայ երիտասարդներու հաւաքականին: Խումբին մէջ հրաշալի ֆութպոլիստներ կան: Մենք հետզհետէ աւելի լաւ մրցումներ պիտի ներկայացնենք: Նկատի ունենալով, որ հաւաքականին մէջ որոշ խաղացողներու կը ճանչնայի, ատիկա ինծի օգնեց, որ անոնց հետ շուտով ընտելանամ»:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ Եւրոպայի երիտասարդներու 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ:

