«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Փէյսըրզ Պարտադրեց Ճակատագրական Մրցումը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 91-77 արդիւնքով:
Այսպիսով, Փէյսըրզ պարտադրեց ճակատագրական 7-րդ եւ վերջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մայեմիի մէջ:
Յաղթականը պիտի հանդիսանայ Արեւելեան շրջանի ախոյեան եւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին իր դէմ պիտի ունենայ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզը:
Փէյսըրզէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 28 կէտ, մինչ Հիթէն Լեպրըն Ճէյմս` 29 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

