Մարաքանայի Դաշտին Վերաբացման Առիթով. Պրազիլ Հաւասարութիւն Մը (2-2) Արձանագրեց Անգլիոյ Հետ

Նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի եւ աշխարհի համբաւաւոր Մարաքանայի դաշտին վերաբացման առիթով տեղի ունեցաւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Պրազիլի եւ Անգլիոյ միջեւ: Անիկա աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:

Մրցումին հաշիւը բացաւ Ֆրետ` 57-րդ վայրկեանին, ապա տասը վայրկեան ետք Ալեքս Օքլէյտ-Չէյմպըրլէյն սքանչելի կոլով մը նշանակեց Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը:

79-րդ վայրկեանին Ուէյն Ռունիի նշանակած կոլը երեք վայրկեանի համար լռութեան մատնեց դաշտին տիրոջ համակիրները` նկատի ունենալով, որ Փաուլինիօ մրցումին աւարտէն ետք նշանակեց Պրազիլի հաւասարութեան կոլը: Այլապէս, 2002-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով, Պրազիլ իր դաշտին վրայ պիտի պարտուէր:

 

Share this Article
CATEGORIES