Միացեալ Նահանգներ Յաղթեցին Պահեստի Մարզիկներով Դաշտ Ներկայացած Գերմանիոյ
Նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիան:
Գրեթէ ամբողջութեամբ պահեստի մարզիկներով դաշտ ներկայացած Գերմանիա 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր անցեալի մարզիկին` Եիւրկըն Քլինսմանի խումբէն. Քլինսման այժմ ամերիկացիներուն մարզիչն է:
Հակառակ իր կազմին կրած այս պարտութեան, Գերմանիոյ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ, բաւական գոհ մնաց այս փոքր շրջապտոյտէն, մանաւանդ որ անոր կազմը նախորդ շաբթուան կէսին Ֆլորիտայի մէջ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Էքուատորի:
CATEGORIES Մարզական

