«Ալլեկրի Պիտի Մնայ Ա. Սէ. Միլանի Մարզիչ» Ըսաւ Պերլուսքոնի
Ա. Սէ. Միլանի նախագահ Սիլվիօ Պերլուսքոնի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի պիտի մնայ ակումբի մարզիչ, եւ անոր մեկնումին մասին շրջան ընող տարաձայնութիւնները երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, երբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ալլեկրիի, Պերլուսքոնիի եւ ակումբի թեքնիք տնօրէն Ատրիանօ Կալիանիի միջեւ:
Ալլեկրի, որ 2010-2011 տարեշրջանին միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, առաջին իսկ տարին իր կազմին հետ տիրացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

