«Ես Սիրում Եմ Հայերին» Կ՛ըսէ Ֆարահ Տիպա Փահլեւի
Արդէն իսկ միջազգային ճանաչման եւ գնահատման արժանացած «Նոազ արք» ցուցասրահը անցնող ամիսներուն յաջորդաբար մասնակցեցաւ միջազգային երկու ցուցահանդէսներու: Առաջինը` Նիւ Եորքի «Արթ Էքսփօ»-ին մէջ, որ տեղի ունեցաւ «Փիեր 92 քոնվենշըն սենթըր»-ի մէջ, մարտ 27-30: Երկրորդը` «Մոնաքօ-13»-ին, որ տեղի ունեցաւ «Կրիմալտի ֆորում էսփէյս տիակիլեվ» ցուցահանդէսներու համար նախատեսուած մշակութային համալիրին մէջ, ապրիլի 25-28: Իսկ այժմ կը պատրաստուի հոկտեմբերին Հայաստանի անկախութեան առիթով Քոփենհակընի «Տաննեսքիոլտ-Սամսոէ» ցուցասրահին մէջ հայ ժամանակակից գեղանկարչութեան նուիրուած ցուցահանդէս կազմակերպել` գործակցութեամբ Երեւանի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահին:
Այս եռեակ առիթներով հետաքրքրական եւ միեւնոյն ատեն շահեկան զրոյց մը ունեցանք «Նոազ արք» ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն տոքթ. Մովսէս Հերկելեանին հետ, զոր կու տանք ստորեւ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- «Նոազ արք» ցուցասրահը իր բացումէն (1995) մինչեւ 2000 թուական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէր Լիբանանի մէջ: 2000-էն ետք այս աշխուժութիւնը նոյն թափով շարունակուեցաւ միջազգային մակարդակներու վրայ. ցարդ «Նոազ արք» հայ գեղանկարչութիւնը ներկայացուցած է քսանութ միջազգային ցուցահանդէսներու: Սկսեալ 2000-էն մինչեւ 2008, «Նոազ արք» գրեթէ ամէն տարի իր մասնակցութիւնը բերաւ Նիւ Եորքի «Արթ Էքսփօ»-ին, իսկ 2008-էն ետք հայեացքը ուղղեց դէպի Եւրոպա եւ կեդրոնացաւ Մոնաքոյի վրայ: Յանկարծ այս տարի նորէն կը վերադառնայ Նիւ Եորք: Ինչո՞ւ չորս տարուան այս երկարատեւ ընդմիջումը:
ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Երբ շրջանի մը մէջ յաջողութիւնը ըլլայ կատարեալ ու յաւելեալ դիւրութիւններ ընծայուին մեզի, բնականաբար զայն կ՛երկրորդենք, ինչպէս Լաս Վեկասի կամ Ժընեւի պարագաներուն եղաւ: Նիւ Եորքը ըլլալով արուեստի կեդրոն` ունի իր արուեստասէր հասարակութիւնը, որ գիտէ գնահատել արուեստի որակը` առանց անունին նայելու: Հոս մենք կրցանք հայ արուեստը ցուցադրել յաւուր պատշաճի եւ արժանանալ յատուկ գնահատանքներու: Երբ արուեստը արժեւորուի, ինքնաբերաբար կը ձեւաւորուի նաեւ արուեստի շուկայ եւ կրնայ քաջալեր հանդիսանալ վերստին մասնակցելու: Իսկ 2008-ին յայտնի տնտեսական տագնապին պատճառով երբ արուեստի շուկան տկարացաւ առհասարակ ամբողջ աշխարհի տարածքին, եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ, մենք սկսանք փնտռել նոր շուկայ:
Հ.- Սակայն դուք ձեր ուղղութիւնը փոխելով` մեկնեցաք Մոնաքօ եւ մինչեւ օրս կը շարունակէք մասնակցիլ Մոնաքոյի ամէնամեայ ցուցահանդէսներուն: Արդեօք Մոնաքոյի արուեստի շուկան չէ՞ ազդուած միջազգային տնտեսական տագնապէն:
Մ. Հ.- Բնականաբար ազդուած է ու կը շարունակէ ազդուած մնալ: Սակայն հոս կայ տարբերութիւն մը: Ֆրանսայի միջերկրականեան ծովափին` Քոթ տ՛Ազիւրի երկայնքին, Նիսի եւ Մոնաքոյի շրջակայքը յատկապէս հաստատուած են բազմաթիւ մեծահարուստներ, որոնց շարքին նաեւ ռուսեր, որոնք մեծապէս հետաքրքրուած են արուեստով: Մենք երկու տարի առաջ մասնակցեցանք նաեւ Փարիզի Քարուսել տիւ Լուվրի միջազգային ցուցահանդէսին, սակայն հոս եւս արուեստի առեւտուրը նուազ աշխուժ էր, քան Մոնաքօ, ուր արդէն իսկ մենք ունինք արուեստասէր հասարակութիւն մը, որ ամէն տարի կը սպասէ «Նոազ արք»-ի նորութիւններուն:
Հ.- Այդ պարագային, երբ Մոնաքոյի մէջ յաջող կ՛ընթանան ձեր գործերը եւ Միացեալ Նահանգներ տակաւին տնտեսական տագնապի մէջ են, ապա ինչո՞ւ կը վերադառնաք Նիւ Եորք:
Մ. Հ.- Այո, կարեւոր հարց է, եւ խնդիրը ա՛յս է արդէն: Երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ որեւէ նահանգէ հրաւէր ստանանք, անպայման կը խորհրդակցինք մեր գործընկերոջ` Եուրոզի վարչական գործերը տնօրինող գործադիր մարմինի` «Սթայկիըն փապլիշինկ»-ի հետ, որ լաւ կը ճանչնայ արուեստի շուկան: Անոնք այս տարի խորհուրդ տուին մեզի ընդառաջելու Նիւ Եորք Արթ Էքսփօ-ի հրաւէրին, որովհետեւ արուեստի շուկան աշխուժացած է Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին:
Հ.- Ըսել կ՛ուզէք` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ճգնաժամը անցա՞ծ է արդէն եւ…
Մ. Հ.- Ո՛չ, պատճառը բոլորովին ուրիշ է, դժբախտաբար այս պարագային արուեստ գնելու դրդապատճառը ո՛չ արուեստի գնահատումն է` ըստ արժանւոյն եւ ո՛չ ալ տնտեսական բարգաւաճումը, այլ` ամերիկեան կալուածներու արժեզրկումն ու տուրքերու յաւելումը: Այս պատճառով արուեստասէրներէն շատեր տնտեսական մտահոգութիւններով, իբրեւ ներդրում, աւելի կը վստահին արուեստի արժէքներու, քան` կալուածներու, որովհետեւ արուեստը թէ՛ շարժական է, թէ՛ տուրքերէ զերծ եւ թէ՛ արժեզրկման ենթակայ չէ. եթէ երբեք արուեստի գործը իւրայատուկ է, բարձրորակ, գեղագիտականօրէն գեղեցիկ եւ ճիշդ ընտրուած, ապա կը նշանակէ, թէ ներդրում կատարողը ի սկզբանէ ինքզինք ապահոված է:
Հ.- Այս իմաստով բոլոր ներդրողները չէ, որ կրնան օգտուիլ արուեստի առաւելութիւններէն, արուեստասէրը պէտք է որ մասնագէտ ըլլայ կարենալ զանազանելու արուեստի մնայունն ու գնայունը: Ան կրնայ նաեւ սխալիլ:
Մ. Հ.- Սկզբունքով` այո՛, սակայն շատեր կը դիմեն արուեստաբաններու կամ ցուցասրահի տէրերուն, որոնք թէեւ միշտ չէ, որ մասնագէտներ են, սակայն անոնցմէ շատեր ժամանակի ընթացքին փորձառութիւն ձեռք կը բերեն եւ կրնան ճիշդ կողմնորոշուիլ: Այնուամենայնիւ, եթէ արուեստաբաններն ու ցուցասրահի տէրերը ազնիւ վերաբերմունք չեն ցուցաբերեր արուեստի վաճառքի մէջ, կրնան մոլորեցնել արուեստասէրը: Հոս պէտք է ընդունինք նաեւ, որ քարոզչութիւնը (ըլլայ դրական թէ ժխտական կողմերով) կը նպաստէ արուեստի առեւտուրին: Իսկ ճիշդ կողմնորոշուելու համար, արուեստի մնայունն ու գնայունը, այսինքն լաւն ու վատը զանազանելու համար պայման չէ որ մարդ մասնագէտ ըլլայ: Շատեր ունին ի վերուստ տրուած արուեստի խառնուածք ու ճաշակ, եւ երբ անոնք ժամանակի ընթացքին իրենց ճաշակին համապատասխան արուեստ հաւաքեն, ինքնաբերաբար կը դառնան (իրենց ըմբռնումին համապատասխան) մասնագէտ: Մի՛ մոռնաք, որ արուեստասէր հաւաքորդները բնականաբար եւ բնազդաբար արուեստը կ՛ուսումնասիրեն ու յաճախ կը մասնագիտանան միայն մէկ տեսակի մէջ: Օրինակի համար, կան միայն ծովանկար եւ կամ դիմանկար հաւաքող արուեստասէրներ: Ինչպէս որ կան միայն վերացապաշտ կամ գերիրապաշտ արուեստ հաւաքողներ:
Հ.- Այնուամենայնիւ, չէ՞ք կարծեր, որ կան հաւաքորդներ, որոնք հեռու ըլլալով արուեստի ճաշակէ եւ ըմբռնումէ` կերպարուեստ կը հաւաքեն ներդրում կատարելու համար…
Մ. Հ.- Ճի՛շդ է կան եւ հո՛ս է, որ խնդիրը կը բարդանայ. այս տեսակ հաւաքորդն է, որ պէտք ունի խորհրդատուի: Իսկական հաւաքորդը այն է, որ արուեստասէր է միաժամանակ եւ գեղանկարչութիւնը ընկալելու եւ գեղագիտականօրէն ըմբոշխնելու կարողականութիւնը ունի: Արուեստը պէտք է որ մաս կազմէ կեանքին (խօսքը բոլոր արուեստներու մասին է) ու դառնայ կիրք ու հանապազօրեայ հոգեկան սնունդ: Երբ այս տեսակ արուեստասէր-հաւաքորդ ձեւաւորուի, այն ատեն միայն ստեղծագործող արուեստագէտը ինքզինք հանգիստ ու գնահատուած կը զգայ: Միայն ներդրում կատարող հաւաքորդներու բազմացումը, թէեւ կը նպաստէ արուեստի զարգացման ու տարածման, սակայն արուեստի հիմնական նպատակը այդ չէ: Արուեստաբաններու դերն ու պարտականութիւնը ոչ թէ արուեստ ծախել պիտի ըլլայ, այլ` արուեստը սիրցնել ժողովուրդին, որ իրեն հետ կը բերէ նաեւ արուեստի վաճառքի աշխուժութիւն:
Հ.- Այս կարեւոր հարցի քննարկումէն ետք խօսինք Մոնաքոյի այս տարուան միջազգային ցուցահանդէսի որակին եւ մակարդակին մասին, անոր դերն ու տեղը ո՞ւր է միջազգային նմանօրինակ ցուցահանդէսներու շարքին:
Մ. Հ.- Մոնաքոն եթէ համեմատենք Նիւ Եորքի նման մեծ քաղաքներու հետ, հազիւ փոքր թաղամասի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ տարածքային առումով: Թէեւ երբ Մոնաքօ կը լսենք, նախ եւ առաջ կը հասկնանք «Մոնթէ Քարլօ» խաղատունը եւ կամ «Ֆորմիւլա 1»-ի մրցաշարքերը, սակայն Մոնաքոն ասոնցմէ դուրս, է՛ նաեւ արուեստի կեդրոն: Իշխան Կրիմալտին, ինչպէս եւ իր նախորդները զարկ տուած են բոլոր տեսակի արուեստներուն եւ կառուցած` «Կրիմալտի ֆորում քոնվենշըն սենթըր»-ը` ամէն տեսակ արուեստի ցուցահանդէսներ կազմակերպելու համար: Հինգ տարի առաջ էր միայն, որ Մոնրէալի միջազգային արուեստի տօնավաճառի տէր եւ տնօրէն Ժոնեսքօ Ռոտրիկեզ հիմը դրաւ Մոնաքոյի կերպարուեստի միջազգային ցուցահանդէսներուն, որոնք կը հովանաւորուին ու քաջալերուին իշխանին թէ իշխանուհիին կողմէ: Մենք իբրեւ մնայուն մասնակից` կրնանք վկայել, որ առաջին չորս տարիներուն Մոնաքոյի արուեստի տօնավաճառը վերելքի մէջ էր եւ մրցունակ` միջազգային ամենաբարձրորակ տօնավաճառներուն: Սակայն խոստովանինք, որ այս տարի որոշ չափով նահանջի մէջ է, այնպէս` ինչպէս Եւրոպայի բոլոր միջազգային տօնավաճառները:
Հ.- Պատճա՞ռը…
Մ. Հ.- Պատճառները թերեւս մէկէ աւելի են. սակայն գլխաւորը, կը կարծենք, թէ միջազգային տնտեսական տագնապն է, նաեւ` միջազգային պատերազմական վիճակը: Կարծէք թէ «Արաբական գարունը» կը վերածուի «միջազգային ձմրան»: Հիւսիսային Քորէայէն մինչեւ Պոսթըն ահազանգային վիճակի մէջ է աշխարհը: Թէ՛ Նիւ Եորքի եւ թէ՛ Մոնաքոյի պարագային միլիոններ արժող արուեստի գործերու քանակը համեմատաբար նուազ էր, թէեւ արուեստի առեւտուրը շատ աւելի աշխուժ էր, վերը բացատրեցինք դրդապատճառը:
Հ.- Անցեալ տարի Մոնաքոյի միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցէր նաեւ Երեւանի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը…
Մ. Հ.- Այո՛, արդար է, որ «Բարձր արուեստ»-ը ոչ միայն յիշել, այլ հարկաւոր է յատուկ գնահատանք արձանագրել անոր հասցէին: Ան, ըլլայ անցեալ տարի թէ այս տարի, հայ գեղանկարչութիւնը (քանակով թէ որակով) փառաւոր կերպով ներկայացուց Մոնաքոյի մէջ:
Հ.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս յիշարժան եւ հետաքրքրական դէպքեր տեղի ունեցա՞ն:
Մ. Հ.- Նմանօրինակ միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին յաճախ տեղի կ՛ունենան նաեւ, կողմնակի ձեռնարկներ: Այս տարի յատուկ հրաւիրուած էր ֆրանսացի յայտնի պալէի պարուհի Փրել, որ տարբեր բեմերու վրայ թատերապարի շատ իւրօրինակ (երբեմն բոլորովին մերկ վիճակի մէջ) ներկայացումներ տալէ ետք, այցելեց նաեւ կարգ մը տաղաւարներ, որոնց շարքին նաեւ` «Նոազ արք»-ը, ուր հակիրճ, սակայն գեղեցիկ ելոյթ մը ունեցաւ: Սակայն մեզի համար աւելի յատկանշական էր ու նաեւ իմաստալից Իրանի նախկին թագուհիին` Ֆարահ Տիպա Փահլեւիի այցելութիւնը: Ան Կրիմալտի իշխանուհիի հիւրերու շարքին էր: Երբ Արմենիա անունը նշմարեց «Նոազ արք»-ի ցուցանակին վրայ, յամեցաւ եւ սկսաւ յատուկ ուշադրութեամբ դիտել ու զրուցել կնոջս` Էլոյին հետ: Տարբեր տեսակի լրագրողներու ներկայութեան խօսելէ ետք հայ-պարսկական պատմական եւ մանաւա՛նդ մշակութային կապերու մասին, ան մաքուր հայերէնով աւելցուց` «Ես սիրում եմ հայերին»: Ի հարկէ թագուհիին այս արտայայտութիւնը թէ՛ անակնկալ էր, թէ՛ յուզիչ եւ թէ՛ քաջալերական միաժամանակ. երբ կինս ուրախութեամբ դիտել տուաւ, թէ` «լաւ հայերէն կը խօսիք», ան վերադարձաւ անգլերէնին եւ աւելցուց. «Ես կարգ մը բառեր եւ որոշ արտայայտութիւններ միայն գիտեմ, սակայն ամուսինս բաւականին լաւ կը խօսէր, որովհետեւ հայ բազմաթիւ ընկերներ ունէր»: Տեղն ու ժամանակը անյարմար գտնելով` չկրցայ իրեն տեղեկացնել, թէ մեր պատմաբաններէն ոմանք համոզուած են թէ պարսիկ Փահլեւիներուն գերդաստանը հայ Պահլաւունիներէն կը սերի: Թագուհին ջերմութեամբ բաժնուեցաւ մեզմէ եւ խոստացաւ այցելել նաեւ միւս հայկական տաղաւարը` «Բարձր արուեստ»-ը:
Հ.- Իսկ ի՞նչ են ձեր հետագայ անմիջական ծրագիրները:
Մ. Հ.- Այս տարի Ֆրանսայի մէջ որոշ ծրագիրներ կան, բայց քանի որ անոնք տակաւին չեն յստակացած, կանուխ է խօսիլ անոնց մասին. սակայն գալիք հոկտեմբերին հրաւիրուած ենք Քոփենհակըն` մասնակցելու համար «Տաննեսքիոլտ Սամսոէ» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուելիք հայ գեղանկարչութեան նուիրուած ցուցահանդէսին Երեւանի «Բարձր արուեստ» եւ «Նոազ արք» ցուցասրահներու համատեղ գործակցութեամբ: Ծրագրուած է ցուցադրել հայ դասականներէն մեծագոյնները, ինչպէս` Այվազովսկի, Երուանդ Քոչար, Թիւթիւնճեան, Մ. Սարեան, Մինաս Աւետիսեան: Իսկ ժամանակակիցներէն` Ռուբէն Աբովեան, Վահրամ Դաւթեան, Վարուժան Վարդանեան, Այվազ Աւոյեան եւ այլն:
Հ.- Իսկ այս ցուցասրահը որեւէ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի՞:
Մ. Հ.- «Տաննեսքիոլտ Սամսոէ» ցուցասրահը կը համարուի Քոփենհակընի լաւագոյն ու մեծագոյն ցուցասրահը: Հոն կը ցուցադրուի միայն բարձրորակ եւ միջազգային չափանիշներով մրցունակ արուեստ: Տէրն ու տնօրէնը դքսուհի Քեթ Ալեքսանտրինն է, սակայն ցուցասրահը ունի նաեւ մասնագէտներէ կազմուած յատուկ խորհուրդ, որ իրաւասութիւն ունի ընդունելու կամ մերժելու որեւէ արուեստի գործ: Այս ցուցասրահը փնտռուած ու գնահատուած արուեստի կեդրոն մըն է, յատկապէս` սկանտինաւեան երկիրներու մէջ:
Հ.- Յաւելեալ թելադրանք կամ որեւէ ըսելիք ունի՞ք հայ կերպարուեստագէտներուն, ցուցասրահի տէրերուն եւ կամ առհասարակ մեր արուեստասէր հասարակութեան:
Մ. Հ.- Ըսած ենք ու խորին համոզմամբ կը կրկնենք: Առանց բարձրորակ եւ ինքնատիպ ազգային մշակոյթի ո՛չ կրնանք մրցակցիլ այլ ազգերու հետ, ո՛չ կրնանք շահագրգռել գերտէրութիւնները եւ ո՛չ ալ կրնանք գոյատեւել: Խիստ անհրաժեշտ կը գտնենք հայ մշակոյթը տնտեսականացնել եւ քաղաքականացնել, որպէսզի կարողանանք բարձրացնել ազգի ու հայրենիքի վարկն ու որակը, եւ կարողանանք ճիշդ եւ արդիւնաւէտ ձեւով հետապնդել մեր ազգային պահանջատիրութիւնը ու ապահովել մեր գոյատեւումը: Առ այդ, միջազգային ցուցասրահներու, բեմերու եւ ամպիոններու վրայ հայ բարձրորակ արուեստը ներկայացնելը գործնական կարեւոր քայլերէն է այս ուղղութեամբ:
ԹՂԹԱԿԻՑ




