«Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Հիթ Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի փլէյ-օֆի աւարտական 7-րդ եւ վերջին մրցումին, Մայեմի Հիթ 99-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 4-3 արդիւնքով յառաջանալով Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հասաւ «Էն. Պի. Էյ.»- աւարտականին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Անոնց միջեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին` Մայեմիի մէջ:

Երէկուան այս մրցումին հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 32 կէտ եւ 8 ռիպաունտ, իսկ Ռոյ Հիպըրթ (Փէյսըրզ)` 18 կէտ:

Share this Article
CATEGORIES