Մուրինիօ Վերադարձաւ Չելսի
«Լա լիկա»-ի 2012-2013 տարեշրջանին իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ ձախող տարեշրջան մը բոլորած փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որ 2007-ին լքած էր Չելսին` հարցեր ունենալով ակումբին միլիառատէր սեփականատէր Ռոման Ամրամովիչի հետ, վերադարձաւ լոնտոնեան ակումբ` ստանձնելու համար իր նախկին պաշտօնը:
Մուրինիօ, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Չելսիի հետ, անոր հետ 2005-ին եւ 2006-ին տիրացաւ երկրին ախոյեանութեան տիտղոսին:
Նշենք, որ ան սիրուած է «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի համակիրներուն կողմէ եւ մեծ համբաւ կը վայելէ Չելսիի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

