Ժիւտօ. Միջազգային Մրցաշարք. Բոլոր Հայ Մարզիկները Վերադարձան Մետալներով
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պառնաուլի մէջ աւարտեցաւ ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու եւ պատանիներու խումբերը:
Վահէ Ղազարեան եւ Դաւիթ Նալբանտեան գրաւեցին առաջին դիրքը, իսկ Գոռ Յակոբեան, Աշոտ Մնացականեան, Նարեկ Շահվերտեան, Գրիգոր Սահակեան, Գրիգոր Մխիթարեան, Գարիկ Յարութիւնեան եւ Դաւիթ Ղազարեան` երկրորդ դիրքը:
Այսպիսով, բոլոր հայ մարզիկները վերադարձան մետալներով:
Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնէն կը տեղեկանանք, որ Պառնաուլի հայ համայնքը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է հայ մարզիկները:
CATEGORIES Մարզական

