2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան – Հարաւային Քորէա` 1-1
Երէկ երեկոյեան Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան – Հարաւային Քորէա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Նախքան մրցումը Հարաւային Քորէա 10 կէտով կը գտնուէր Ա. խմբակին 2-րդ դիրքին վրայ, մինչ Լիբանան 4 կէտով կը գրաւէր 5-րդ եւ վերջին դիրքը:
Երէկուան այս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Լիբանանի կոլը նշանակեց Հասան Մաաթուք (12-րդ), իսկ Հարաւային Քորէա իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (96-րդ):
CATEGORIES Մարզական

