«Միլոն Թրոֆի»-ի Մրցաշարքին. 7 Հայ Ըմբիշներէն 6-ը Մետալի Տիրացան
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը վեց մետալով վերադարձաւ «Միլոն Թրոֆ»-ի մրցաշարքէն: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը լուրը հաղորդելով կը նշէ, որ 5 դասակարգի մրցումներուն ներկայացած էին 7 հայ ըմբիշներ:
PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական նախկին ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան ըսաւ, որ գոհ է իր մարզիկներուն ելոյթներէն:
«Խմբային դասաւորման մէջ մեր հաւաքականը հանդիսացաւ երրորդ: Եթէ մենք ներկայացուցիչ ունենայինք բոլոր դասակարգերուն մէջ, կրնայինք գրաւել նաեւ առաջին դիրքը: Մեր տղաքը լաւ ներկայացումներ ունեցան եւ լաւ մարզավիճակի մէջ են», ըսաւ Ջուլֆալակեան:
«Միլոն Թրոֆի»-ի յաղթական հռչակուեցան Սասուն Ղամբարեան (66 քկ), Արսէն Ջուլֆալակեան (74 քկ) եւ Արթուր Ալեքսանեան (96 քկ): Արամ Ջուլֆալակեան (66 քկ) տիրացաւ արծաթէ մետալի, իսկ Ռոման Ամոյեան (60 քկ) եւ Տիգրան Թորոսեան (66 քկ)` պրոնզէ մետալի:
Խօսելով Ամոյեանի մասին` մարզիչը ըսաւ. «Ան թէեւ հանդէս եկաւ 60 քկ դասակարգի մրցումներուն, սակայն դարձեալ պիտի վերադառնայ 55 քկ-ի դասակարգ: Ցարդ ան անհրաժեշտ մարզավիճակին մէջ չէ եւ պէտք է պայքարի` շատ աւելի բարձր դիրքերու հասնելու համար»:
Յունահռոմէական ոճի 17 ըմբիշներ 13-16 յունիսին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մարիոփոլի միջազգային մրցաշարքին, որմէ ետք հաւաք պիտի կատարեն Ալուշթայի մէջ, եզրափակեց PanArmenian.Net:

