«Ֆորմիւլա-Ռըն»-ի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Ապահովեց Տարեշրջանի Իր 71-րդ Կէտը

Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ֆորմիւլա-Ռըն»-ի ախոյեանութեան, 3-րդ հանգրուանի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ գտնուող Թրեքսթըն վազքուղիին վրայ, յաջողեցաւ բաւական պայքարելէ ետք գրաւել 10-րդ դիրքը եւ ապահովել տարեշրջանի իր 71-րդ կէտը:

Ան քիչ մը դժուարութիւն ունեցաւ այն իմաստով, որ անոր ինքնաշարժը որոշ հարցեր ունեցաւ: Սակայն ան փորձեց այդ հարցերը առաւելագոյն ձեւով շրջանցել եւ ձեռնունայն չաւարտել այս հանգրուանը:

«Չեմ կարծեր, որ իմ փափաքածիս պէս կատարեցի այս հանգրուանը` նկատի ունենալով, որ անիկա ամբողջութեամբ շրջուեցաւ իմ դէմս: Յամենայն դէպս, կրցայ կէտեր ապահովել: Կը յուսամ յառաջիկայ 6 յուլիսին Քրոֆըթի վազքուղիին վրայ շատ աւելի լաւ արդիւնք արձանագրել», ըսաւ Սարգիսեան:

Նշենք, որ այս հանգրուանին մասնակցող վարորդներուն միջեւ պայքարը եղաւ ակնկալուածէն շատ աւելի սուր` նկատի ունենալով, որ անոնք կը փորձէին առաւելագոյն կէտերը ապահովել:

Share this Article
CATEGORIES