Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Տարիքային Ախոյեանութիւն` 21-25 Մայիս 2013-ին
21-25 մայիս 2013-ին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աթլեթիզմի տարիքային անհատական եւ խմբային ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ:
Այս 5 օրերուն վրայ երկարող մրցաշարքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նորակազմ աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ: Աթլեթիզմի փորձերը սկիզբ առած էին նախորդ դեկտեմբերէն սկսեալ, եւ իւրաքանչիւր կիրակի առաւօտ հետեւողական եւ լուրջ փորձերուն շնորհիւ խումբը կրցաւ արձանագրել բաւական լաւ արդիւնքներ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակցող մարզիկ-մարզիկուհիներուն անունները եւ անոնց արձանագրած արդիւնքները.

Քլոուէ Պութանոս (250 մ) 44′ 9 (4-րդ դիրք)
Մարինա Պութանոս (1 քայլ ոստում) 3,70 մ- (5-րդ դիրք)
Քարէն Պաշուր (1 քայլ ոստում) 3,36 մ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը, գործակցաբար` ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, իր փորձերը պիտի շարունակէ ամէն կիրակի, առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Փափաքողներէն կը խնդրուի ներկայանալ ամէն կիրակի առաւօտ կամ կապուիլ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կեդրոն` յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար:
ՀՄԸՄ-Ի ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ






