Ակնարկ. Լոռի՛, Սուրա՜…

ԹՈՐԳՈՄ

Ծնողքին եւ դպրոցի մարզանքի ուսուցչուհիին բծախնդիր, բարեխիղճ մօտեցումով սկսած աշխատանքը, տարիներու հետեւողական, մասնագիտական-արհեստավարժ մարզումներով, բազմաթիւ զրկանքներով, ինչու չէ նաեւ մեզի անծանօթ դժուարութիւններու յաղթահարումով ատենէ մը ի վեր սկսաւ տալ իր պտուղները:

Եւ ասիկա այնպիսի մարզաձեւի մը մէջ, որուն մրցումներուն ներկաները, մանաւանդ Լիբանանի մէջ, լաւագոյն պարագային մարզիկներուն մարզիչները, հայրերը եւ երբեմն ալ… մայրերը կ՛ըլլան:

Մարզական հետաքրքրութիւններ դրսեւորող մանուկներ եւ պատանիներ մեծ մասամբ կը նախընտրեն ֆութպոլն ու պասքեթպոլը, որովհետեւ այդ մարզաձեւերը բազմամիլիոն համակիր-հանդիսատես ունին եւ կարելի է փառքի, հարստութեան հասնիլ կանուխ եւ արագ: Իսկ շատ յաճախ փառքի եւ հարստութեան տիրացած պատանիին-պարմանուհիին նկարագիրը կը խաթարուի:

Ասիկա կը նշանակէ, որ պարզապէս մարզական գործունէութիւն ունենալն ալ մեր պատանիները զերծ չի կացուցեր վտանգներէ:

Նոր սերունդները տափակցնող, անգոյն, միատարր խլեակներու վերածող արեւմտեան աշխարհի արհեստագիտութիւնները, գիւտերը, գործիքները, սարքերը (անհրաժեշտ-վնասակար), իսկ ատոնց դէմ պայքարելու մեր պոռոտախօսութիւնը, հռետորութիւնը, ի՜նչ լաւ է, որ չեն ազդած Լոռի Թաշճեանին վրայ եւ ան կը շարունակէ սուրալ, նուաճելով մետալներ եւ հաստատելով մրցանիշներ` առանց միտքէն անցընելու, որ ծնողքէն եւ հարազատներէն բացի իր նուաճումներով ուրախացողներ կան: Վստահաբար քիչ չէ թիւը իր սլացքին կարիքը զգացող ազգակիցներուն, որոնք նոր սերունդէն կը սպասեն (Պ. Սեւակի հետեւողութեամբ).

Որպէսզի… հիմա ձիեր տեղափոխէ,
Ձիեր տեղափոխէ ի՛ր միջոցով- մե՛ր մէջ,
Որ խրխնջան նաեւ մե՛ր մէջ ձիեր,
Որ վրնջան նաեւ մե՛ր մէջ ձիեր,
Դոփո՜ղ,
Բերաններէն կրա՜կ թափող
Ձիեր

 

 

Share this Article
CATEGORIES