Համազգայինի «Քնար» Պարի Միաւոր. Միջդպրոցական Պարի Փառատօն

Համազգայինի «Քնար» պարի միաւորի վարչութեան կազմակերպութեամբ, արդէն աւանդութիւն դարձած «միջդպրոցական պարի փառատօն»-ը տեղի ունեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Փառատօնը, որ կը նպատակադրէ հայկական պարին ընդմէջէն հայ մշակոյթի դաստիարակութեան զարկ տալ հայկական վարժարաններուն մէջ, այս տարի համախմբեց հայկական 15 վարժարաններէ աւելի քան 150 աշակերտներ, որոնք իրենց վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ իրենց ծնողներուն ներկայացուցին հայկական պարեր:

Համազգայինի «Քնար» պարի միաւորի վարչութեան անունով փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց Հրաչ Կայծակեան, որ կարեւոր նկատելով հայկական վարժարաններուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան կողքին հայ մշակոյթի եւ երգ ու պարի ուսուցման անհրաժեշտութիւնը, շեշտեց, որ այսպիսի փառատօններ մեզ կը պարտաւորեցնեն Համազգայինի կոչումին եւ առաքելութեան համաձայն սատար հանդիսանալ հայկական վարժարաններուն մէջ հայկական մշակոյթի դաստիարակութիւնը վառ պահելու գործին:

Կայծակեան նշեց նաեւ, որ ինչպէս Սասունը պարեց իր ապստամբութեան ժամանակ եւ յաղթեց, ինչպէս Մուսայ լեռը պարեց իր հերոսամարտին ժամանակ եւ յաղթեց, նոյն օրինակով ալ հայ ֆետային ու հայ ազատամարտիկը պարեցին եւ Արցախը յաղթեց:

Կայծակեան իր խօսքը աւարտեց Գ. Էմինի «Պարեց Սասունը» քերթուածով:

Այնուհետեւ մասնակից վարժարաններուն աշակերտները բեմ բարձրացան` ներկայացնելով իրենց պարերը: Այսպէս, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանը ներկայացուց «Հզօր Հայաստան» պարը, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը` Առնօ Պապաճանեանի «Էքսփրոմտ»-ը, Հայ աւետարանական քոլեճը` «Ով հայոց աշխարհ»-ը, «Լեռնապար»-ը, «Սարդարապատ»-ը եւ «Ղարաբաղ»-ը, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը` «Ճան գառնուկ»-ը, Հայ կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարանը` «Սասնայ Եարխուշտա»-ն, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանը` «Եար խորոտ»-ը, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը` ազգագրական պարերու շարան մը, Վահան Թէքէեան վարժարանը` «Արցախ»-ը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը` «Ծաղկազարդ»-ը, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը` «Վույ Նարէ»-ն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը` «Մայրօ»-ն, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը` «Ղափամա»-ն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը` «Իմ անունը Հայաստան է»-ն:

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանը բարձր գնահատանքի արժանացաւ` ներկայացնելով «Մշոյխըր-Եարխուշտա, Շատախի-մարտական» պարերու շարքը:

Փառատօնին ընթացքին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները ներկայացուցին «Հելլէ, հելլէ» պարը:

Պարերով կերտուած յաղթանակներու նիւթով փառատօնին առիթով Համազգայինի «Քնար» պարի միաւորի վարչութիւնը շնորհակալութիւններ յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր այս դժուարին պայմաններուն մէջ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահելու իրենց վարժարաններուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES