Նամականի. ՀՄԸՄ-ի Փառատօնին Առիթով

Ներկայ գտնուելէ ետք 26 մայիս 2013-ին տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին, կ՛ուզեմ շնորհաւորել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը եւ փոխանցել սրտի խօսք մը բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն:

95 տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը հաւատքով եւ վստահութեամբ կրցաւ գոյատեւել, որովհետեւ 1915-ի Մեծ եղեռնէն ետք ան հայ ժողովուրդին մէջ վառ պահեց ազգապահպանման ոգին: Մեր ակումբներուն եւ դաշտերուն մէջ ան համախմբեց տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ` անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն:

95 տարիներ առաջ ՀՄԸՄ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու, ինչպէս նաեւ մարմնամարզանքի եւ սկաուտութեան միջոցով ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար:

95 տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը մարզական եւ սկաուտական փառատօներով նոր խանդ ու կորով սփռեց, սորվեցուց յաղթել, եղաւ մեր հպարտութեան աղբիւրը, մեր ազգային արժէքներու ներշնչարանը: Անոր նպատակը չէ եղած անդամահաւաք եւ երբեք պիտի չըլլայ, ՀՄԸՄ-ի նպատակը եղած է հայապահպանում: ՀՄԸՄ-ը այն սակաւաթիւ կազմակերպութիւններէն  մին է , որ յաճախ առանց նիւթական բաւարար միջոցներու, ընդհանրապէս հիմնուելով իր անդամներու նուիրումին եւ զոհաբերութեան ոգիին վրայ, եւ ամէնէն կարեւորը` կամաւոր աշխատելու եւ նուիրաբերելու յատկութիւններով կրցած է կերտել յաղթանակներ եւ գոյատեւել:

Այսօր կը հպարտանանք մեր տարած յաղթանակներուն համար, յաղթանակներ, որոնք նիւթական կարելիութիւններով մէջտեղ կու գան, ինչ որ մեր հայ մարզիկներուն միջոցով տարուած յաղթանակներ չեն: Այլ խօսքով` տխուր ու մտահոգեցուցիչ շատ բան կը գտնենք:

ՀՄԸՄ-ի նպատակը ազգային միութենական ինքնութեան գիտակցութեան սերմանումն է հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի մրցումներուն յաջողութիւնները պէտք է արդիւնք ըլլան կամաւոր աշխատողներու եւ համակիրներու ծանր ու նուիրեալ աշխատանքին:

Իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ական թէ՛ իբրեւ անհատ եւ թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն պէտք է զօրակցի ՀՄԸՄ-ի վերելքին:

ՀՄԸՄ յաջողութեան կը հասնի միայն ամբողջական նուիրումի եւ ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր բարձրացու՛ր»  կարգախօսի հաւատքին շնորհիւ: Տասնամեակներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը եղաւ եւ կը մնայ հայուն արժանապատուութեան մէկ խոհրդանիշը:

Այսօր, արհեստավարժութեան հարկադրանքը ՀՄԸՄ-ի դրօշն ու նշանակը տարածած է ոչ հայ մարզիկներու վրայ, (այս կէտը արձանագրելով չենք ուզեր ազգայնամոլի տպաւորութիւն թողուլ), սակայն կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ ՀՄԸՄ-ի անունին մէջ ՀԱՅ-ը ունի անժամանցելի իմաստ ու պատգամ, որ 95-ամեայ այս միութիւնը կը դարձնէ իւրայատուկ`  զայն զատորոշելով հայկական եւ ոչ հայկական մարզական միութիւններէ:

ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան մէջ հիմնական տեղ ունի ՀԱՅ սերունդներու կերտումը, եւ «Յառաջ նահատակ ցեղի անմահներ» քայլերգին առաջին տողն ու շարունակութիւնը սեղմ պատգամ մըն է ուղղուած  ՀՄԸՄ-ականի կակուղ թաթիկէն մինչեւ երէց պարմանուհին, վաստակաւոր վարչականը, խմբապետը եւ նուիրեալ սկաուտը կամ մարզիկը, այդ պատգամին մէջ կայ եռագոյն դրօշը Արարատին գագաթին կոթողելու իղձն ու հրամայականը:

Այդ պատգամը չի կրնար կատարելապէս իրականանալ, եթէ ՀՄԸՄ-ականը չունի մեր պատմութեան,  մեր արժէքներուն եւ ազգային ժառանգութեանց գիտելիքները:

ՀՄԸՄ-ը սոսկ  մարզական միութիւն մը չէ եղած եւ պիտի չըլլայ երբեք:

Ան կը կոչուի «ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆ», այսինքն` մարմնակրթական ասպարէզներ կ՛ընծայէ հայ պատանիին ու երիտասարդութեան, եւ անոր անուան առաջին բառը` ՀԱՅ-ը զինք բնականաբար կը զատորոշէ մարզական այլ միութիւններէ եւ անոր կու տայ առաքելութիւն մը, որ խորքին մէջ անմիջականօրէն կապ ունի «Բարձրացի՛ր բարձրացու՛ր» նշանաբանին հետ:

ՀՄԸՄ-ականը պիտի կերտէ մարզական նուաճումներ, որպէսզի վերականգնենք եւ նոր թռիչք առնէ հայու գոյատեւելու կամքը:

ՀՄԸՄ-ի շապիկը կրող ֆութպոլիստին, պասքեթպոլիստին, հեծելանւորդին, գունդ ու սկաւառակ արձակողին, փինկ փոնկի ախոյեանին ու տակաւին միջդպրոցական մրցումներուն ընթացքին նշանակուած իւրաքանչիւր կոլն ու շահուած իւրաքանչիւր բաժակը ամբողջ հայութեան համար պէտք է ըլլան յաղթանակի ու հպարտանքի առիթ:

Եկէք այսօր մենք խոնարհինք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ ողջունենք բոլոր այն ՀՄԸՄ-ականները, որոնք իրենց ծառայութիւնը համեմատաբար կատարեցին ու տակաւին կը կատարեն կամաւորաբար:

Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը եւ իր «Կամաւոր բանակ»-ը:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՄԸ`
Մ. Թ.

Share this Article
CATEGORIES