Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքը Կը Հրաւիրէ Պապը Յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը
Երկուշաբթի, 3 յունիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11.30-ին, Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, որուն ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Եւդոքսիա Քէշիշեան, քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր հայր Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան, փոխտեսուչ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, քանի մը հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ հայ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Պատուիրակութեան անդամները ընդունելէ առաջ, սրբազան քահանայապետը եւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ունեցան առանձնակի զրոյց մը, որուն ընթացքին ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը սրբազան քահանայապետէն խնդրեց, որ սուրբ աթոռը հանդիսաւորապէս մասնակցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակումին, եւ այս առիթով քահանայապետական յորդոր մը ուղղէ համայն քրիստոնեաներուն` ներկայացնելու համար 1915-ի Մեծ եղեռնի նահատակներուն վկայութիւնը: Հոգեւոր տէրը խնդրեց նաեւ, որ Վատիկանի պետութիւնն ալ մասնակցի այս 100-ամեակի յիշատակութեան` դրոշմաթուղթերու հրատարակութեամբ: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յատկապէս հայցեց սրբազան քահանայապետին օրհնութիւնը համայն հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսի անդամներուն համար: Սրբազան քահանայապետը իր կարգին յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեց հոգեւոր տիրոջ խնդրանքներուն նկատմամբ` շեշտելով յատկապէս մարդու իրաւունքներու ու մարդկային արժէքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ համար:
Այս մտերմիկ հանդիպումէն ետք, հոգեւոր տիրոջ ընկերակցող պատուիրակութիւնը ներկայացաւ սրբազան քահանայապետին եւ աջահամբոյրէն ետք հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն անունով անոր նուիրեց պրոնզեայ «Խաչելութիւն» մը, որուն հեղինակն է լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Թոգաթլեան: Իր խօսքին մէջ, սրբազան քահանայապետը նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է», եւ յորդորեց ներկաները միշտ աշխատելու եկեղեցւոյ եւ ազգին միութեան ի նպաստ` ապրելով համերաշխութեամբ եւ ընդդիմանալով սատանային փորձութիւններուն:
Նշենք նաեւ, որ երեքշաբթի, 4 յունիսի առաւօտեան, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հրաւիրուեցաւ համապատարագելու Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին հետ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Վատիկան: Այս պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ հոգեւոր տիրոջ գաւազանակիր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան:

