Երուսաղէմի Հայոց Ընտրեալ Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութիւն

Երէկ` երեքշաբթի, 4 յունիսին տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց ընտրեալ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ, Երուսաղէմ:

Ներկայ գտնուեցան կղերական ներկայացուցիչներ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ:

Այս առիթով մատուցուած գահակալութեան արարողութեան ընթացքին յանուն Երուսաղէմի միաբանութեան ուղերձ կարդաց լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան, որ այնուհետեւ պատրիարքական ասան յանձնեց նորընտիր պատրիարքին, որ ծնրադիր կատարեց իր ուխտը:

Վարուժան արք. Հերկելեան կը կարդայ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնի գիրը

Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ արարողութեան ներկայ էին Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Վահան եպս. Յովհաննիսեան:  Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ եղան Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը կը ներկայացնէին Արամ արք. Աթեշեան, Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Վաղարշակ սրկ. Սերոբեան:

Զոյգ կաթողիկոսութիւններուն եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ այս առիթով ընթերցուեցան ողջոյնի եւ օրհնութեան յատուկ գիրեր` ուղղուած նորընտիր պատրիարք սրբազանին:

Ապա Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքը բարձրացաւ Ս. Յակոբ առաքեալին աթոռը, իսկ ներկայ բոլոր հոգեւորականները համբուրեցին Սուրբ Յակոբայ աթոռոյ 97-րդ գահակալ Նուրհան պատրիարքին աջը:

Share this Article
CATEGORIES