Ռումանիոյ Տնտեսութեան Նախարար Վարուժան Ոսկանեան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Երկուշաբթի, 3 յունիս 2013-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս, շրջապատուած լիբանանահայ պետական նախարարներով ու երեսփոխաններով, ընդունեց Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Վարուժան Ոսկանեանը: Յայտնենք, որ նախարար Ոսկանեան շուրջ հինգ տարիներ առաջ դարձեալ այցելած էր Անթիլիաս եւ այդ առիթով իբրեւ գնահատանք իր մտաւորական ու պետական գործունէութեան, վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պատուած էր զինք:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Ռումանիոյ հայութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, Լիբանան-Ռումանիա տնտեսական գործակցութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայ դատին եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը իր մօտեցումները պարզելով յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման գծով, շեշտեց սովորական հանդիսութիւններէ դուրս գալու եւ համահայկական տարողութեամբ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջը քաղաքական ու իրաւական երեսներով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանահայ երեսփոխաններ ու նախարարներ իրենց կարգին անդրադարձան Լիբանանի դիմագրաւած այժմու դժուարութիւններուն եւ խօսեցան Ռումանիոյ ու Լիբանանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու կարելիութիւններուն մասին:
Նախարար Ոսկանեան ուրախութիւն յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ եւ կ՛իմանայ վեհափառ հայրապետին տեսակէտները հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն շուրջ: Իր կարգին, նախարարը եւս ընդգծեց ցեղասպանութեան 100-ամեակը առաւելագոյն չափով օգտագործելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ներկաները տեղեակ պահեց Լիբանանի նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպման մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ընդհանրապէս Ռումանիոյ ու մասնաւորաբար ռումանահայ գաղութին մասին:
Հանդիպման աւարտին, նախարար Ոսկանեան այցելեց Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու անթառամ յիշատակին:

