«Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներուն Նման Հաւատարիմ Գործընկեր Ունի» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա

Ազրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «Կասպեան քարիւղ եւ կազ` քարիւղի վերամշակում եւ քարիւղի քիմիագիտութիւն» 20-րդ միջազգային յոբելենական ցուցահանդէս-խորհրդաժողովին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Խորհրդաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթարի կողմէ կարդացուած ուղերձին մէջ Օպամա յայտնած է. «Յարգելի՛ նախագահ, ես լաւագոյն ցանկութիւններս կը յայտնեմ ձեզի եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդին` Պաքուի մէջ տեղի ունեցող 20-րդ քարիւղակազային ցուցահանդէսին եւ խորհրդաժողովին առիթով»:

Օպամա ընդգծած է, որ քարիւղի եւ կազի մարզին մէջ ազրպէյճանական կողմի ներդրումները նպաստած են Ազրպէյճանի տնտեսական զարգացման եւ կարելիութիւն տուած են զգալիօրէն բարձրացնելու ժողովուրդի կենսամակարդակը` յոյս յայտնելով, որ Ազրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութիւնը երկարատեւ ըլլայ:

«Ազրպէյճան իր միջազգային գործընկերներուն հետ իրականացուցած է բազմաթիւ ուժանիւթային ծրագիրներ, որոնք երկիրը դարձուցած են միջազգային շուկային մէջ քարիւղի կարեւոր մատակարար եւ շրջանին համար կազի կարեւոր աղբիւր: Ես կ՛ուզեմ, որ դուք գիտնաք` Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու նման հաւատարիմ գործընկեր ունի: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ազրպէյճանի հետ մեր համագործակցութիւնը երկարատեւ ըլլայ»:

Share this Article
CATEGORIES