Այսօր Ժընեւի Մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Մակ Ժողով. Փութին.«Սուրիոյ Մէջ Արտաքին Զինուորական Որեւէ Միջամտութիւն Ձախողութեան Դատապարտուած Է»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ որեւէ վերջնական ժամկէտ չճշդեցին Սուրիոյ շուրջ նախատեսուած «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Ճոն Քերրին»:
Փսաքի յայտնեց, որ «ներկայիս դժուար է որեւէ թուական ճշդել եւ պէտք է աշխատանք տանիլ խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ»` նշելով, որ «նոյնիսկ երբ կը փափաքինք, որ խորհրդաժողովը ըստ կարելւոյն շուտ տեղի ունենայ, մեզի համար վերջնական ժամկէտէն աւելի կարեւորը այն վստահութիւնն է, թէ խորհրդաժողովին համար ամէն բան պատրաստ է, եւ այդ մէկը կը ներառէ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն ճշդումը եւ Ռուսիոյ ու ՄԱԿ-ի հետ աշխատելով օրակարգն ու խորհրդաժողովի ընթացքին տեղի ունենալիքը ճշդելը»` նշելով, որ «այդ բոլորը ժամանակ կը պահանջեն»:
Փսաքի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուինտի Շըրմըն եւ նախարարի օգնական Էլիզապեթ Ճոնզ Ժընեւ պիտի ուղղուին ռուս եւ ՄԱԿ-էն պաշտօնատարներու հետ «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան շուրջ խորհրդակցութեանց մասնակցելու համար:
«Նշեալ պաշտօնատարները վաղը` չորեքշաբթի, 5 յունիսին պիտի մեկնին աշխատանքը շարունակելու եւ յառաջընթաց արձանագրելու համար ռուս եւ ՄԱԿ-էն պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունենալու», նշեց ան:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ այսօր նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին ռուսական կողմի ներկայացուցիչներն են Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Կենատի Կաթիլով եւ Միխայիլ Պոկտանով:
Լաւրով. «Ժընեւ-2»-ի Թուականը Պիտի
Ճշդուի Միայն Մասնակիցներուն Շուրջ
Համաձայնութեան Գոյացումէն Ետք»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի թուականը պիտի ճշդուի միայն անոր մասնակիցներուն հարցով համաձայնութեան գոյացումէն ետք: Ան նշեց, որ այսօր Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմանի խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան գործադրութեան միջոցները, «որպէսզի ամէն բան արդար ըլլայ»:
Լաւրով աւելցուց, որ նախ եւ առաջ համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ հրաւիրեալներուն շուրջ, որոնք սուրիական բոլոր կողմերը եւ միջազգային դերակատարներն են, որոնք Սուրիոյ կացութեան վրայ ազդեցութիւն ունին, «եւ ատկէ ետք թուականը պիտի ճշդուի»:
Ան հաւանական նկատեց, որ մօտիկ ապագային հանդիպում ունենայ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ` աւելցնելով, որ «հաւանական է, որ շարք մը հանդիպումներ տեղի ունենան մօտիկ եւ հեռաւոր ապագային»:
Էրտողան. «Առանց Սուրիական Ընդդիմութեան
Մասնակցութեան «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովը
Իր Նպատակը Պիտի Չիրագործէ»
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ «դժուար կացութիւն դիմագրաւող» սուրիացի ժողովուրդին անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու սկզբունքին:
Ան նշեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը պիտի չկարենայ իր նպատակին հասնիլ` առանց սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեան»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը արիւնահեղութիւնը կասեցնելու հարցին մէջ կարեւոր դեր ունի:
Էրտողան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը քննադատեց` յայտնելով, որ վերջինս «կը շարունակէ իր ժողովուրդը սպաննել` առանց քաղաքայինի եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ զատողութեան», եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց սուրիական խնդիրին աւելի ուշադրութիւն դարձնելու, քան ինչ որ հիմա կը կատարուի:
Փութին. «Էս-300»-ները Տակաւին
Չյանձնեցինք»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան որեւէ փորձ դատապարտուած է ձախողութեան եւ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման արգելքի ջնջումը մերժեցինք»:
Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը «սուրիական վարչակարգին տակաւին չեն յանձնուած»:
ՄԱԿ Իշխանութեան Եւ Ընդդիմութեան
Կողմէ Քիմիական Զէնքերու
Օգտագործման Փաստեր Ունի
Մարդկային իրաւանց հարցով ՄԱԿ-ի հետաքննիչները յայտարարեցին, որ բաւարար պատճառներ ունին համոզուելու, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքեր «սահմանափակ» կերպով օգտագործուած են:
Հետաքննիչները զոհերու, բժիշկներու եւ այլ վկաներու հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին սուրիական կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ «արգիլեալ զէնքերու» օգտագործման մասին վկայութիւններ լսած են, եւ այդ վկայութիւններուն մեծամասնութիւնը կառավարական ուժերու կողմէ այդ զէնքերու օգտագործման մասին է:
Անոնք նշեցին, որ «սուրիացի զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներ Սուրիոյ մէջ «կազմակերպուած բռնարարքին» պատասխանատուութիւնը կը կրեն»` աւելցնելով, որ «սուրիական բանակն ու զինեալ ընդդիմութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործեն»:
Ուաշինկթըն Յորդանանի Մէջ
«Փաթրիոթ»-ներ Պիտի Տեղակայէ
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Յորդանան պիտի ուղարկեն «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային համակարգեր եւ «Էֆ-16» տիպի կործանիչներ:
Փենթակոնէն ԱՖՓ-ին յայտնած են, որ այդ զէնքերը պիտի օգտագործուին ամերիկեան-յորդանանեան միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին` աւելցնելով, որ «ռազմափորձերու աւարտէն ետք անոնցմէ քանի մը հատը թերեւս մնան երկրին տարածքին` Յորդանանի իշխանութիւններուն կողմէ համապատասխան դիմումի պարագային»:
Ըստ Փենթակոնի ներկայացուցիչներուն, կործանիչներն ու հակաօդային համալիրները Սուրիոյ մէջ շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն մէջ պիտի աւելցնեն Յորդանանի պաշտպանութեան կարողականութիւնը:
Փենթակոնի ներկայացուցիչները չեն նշած, թէ քանի՛ «Փաթրիոթ» եւ «Էֆ-16» կը նախատեսուի ուղարկել Յորդանան եւ անոնցմէ քանի՛ն կրնայ այդտեղ մնալ:


