Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԺԵԶԶԻՆԻ Ռում աւանի քաղաքապետական խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ ժողով մը գումարեց եւ Տանի Հատտատը ընտրեց իբրեւ քաղաքապետ, իսկ Մարուն Ասաֆը` փոխքաղաքապետ: Նշենք, որ նախապէս գոյացած էր համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, պէտք էր նոր քաղաքապետ ընտրել` ընթացաւարտ քաղաքապետի պաշտօնավարութեան երրորդ տարուան աւարտին:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ մէջ տեղի ունեցող զանգուածային վերջին ցոյցերը պատճառ դարձան, որ մեծ թիւով լիբանանցիներ հրաժարին իրենց արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ անցընելու իրենց ծրագիրէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

