Մամուլի Մարզը Դարձեալ Գին Կը Վճարէ Ապահովական Լարուածութեան. Արմատական Զինեալներ Պաշարուած Կը Պահեն Տումուհ Ասմարի Բնակարանը

Բախումներու եւ պատերազմներու սաստկացման ընթացքին մտահոգութեանց առանցքը կը կեդրոնանայ քաղաքացիներուն ապահովութեան վրայ, մանաւանդ որ անոնք նման պարագաներու կը թուին ըլլալ ամէնէն ձեռնտու եւ աժան «որս»-երը: Մամուլը իր կարգին անմասն չէ այս վտանգէն, յատկապէս որ պարտականութեան բերմամբ մամուլի «մշակ»-ները իրենց կարգին կը փութան «տաք» վայրերը` «թարմ» ու փաստացի, հաւաստի տեղեկութիւններ հաղորդելու համար:

Այս իմաստով, մամուլի մարզի վերջին «զոհեր»-էն եղաւ լիբանանեան «Տիար» օրաթերթի լրագրող Տումուհ Ասմար, որ մահուան սպառնալիք ստացաւ ու արգելափակուած մնաց իր սեփական տան մէջ: Արդարեւ, «Տիար» օրաթերթի աղբիւրներ յայտնեցին, որ «սալաֆական» զինեալներ պաշարած են Տումուհ Ասմարի բնակարանը` սպառնալով անոր կեանքին ու պահանջելով, որ հրապարակաւ ներում հայցէ:

Դէպքը դատապարտումի ալիք բարձրացուց մամուլի եւ պատկան կողմերու շրջանակներուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES