«Ֆաթմակիւլ» Վերսկսած Է Գործել

«Ֆաթմակիւլ» նաւը

Ելեկտրական ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ թրքական ելեկտրական հոսանք հայթայթող «Ֆաթմակիւլ» նաւային կայանը երէկ առաւօտուն վերսկսած է գործել: Ըստ նոյն աղբիւրին կայանը իր ելեկտրական հասողութեան տարողութիւնը պիտի հասցնէ 180 մեկաուաթի:

Միւս կողմէ, խորհրդարանական հանրօգուտ շինութեանց յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի քննադատեց թրքական «Ֆաթմակիւլ» նաւուն օգտագործումը` զայն նկատելով «կենսոլորտային ջարդ» պատճառող ազդակ մը:

 

Share this Article
CATEGORIES