Արաբեւռուսական Գործարարներու Հանդիպումի Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը. Սապունճեան Կոչ Ուղղեց Զարկ Տալու Առեւտրական Գործակցութեան

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան նախագահեց լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ մասնակցեցաւ արաբեւռուսական գործարարներու խորհուրդի 11-րդ հանդիպումին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Այս առիթով Սապունճեան հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդաժողովին մասնակից զանազան պատուիրակութեանց հետ: Ան կոչ ուղղեց զարկ տալու առեւտրական գործակցութեան` դիտել տալով, որ իսկական մարտահրաւէրը կը կայանայ Ռուսիոյ եւ արաբական երկիրներուն միջեւ շուկաներու ընդլայնումին մէջ` արհեստագիտական զարգացումի լոյսին տակ:

Share this Article
CATEGORIES