Ներկայացնելով Հրաժարեալ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթին. Սապունճեան Բացումը Կատարեց «Լեպանոն Փրոժեքթ 2013»-ի Ցուցահանդէսին
«Կը մաղթենք, որ այս ձեռնարկը առիթ մը ըլլայ օտար ընկերութիւններուն համար` արդիւնաւէտ գործակցութեան մէջ մտնելու լիբանանեան եւ արաբական ըկերութեանց հետ, յատկապէս որ այս ցուցահանդէսը դուռը լայն կը բանայ գործի առիթներու` արագօրէն զարգացող արաբական երկիրներուն մէջ», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, երէկ բացումը կատարելէ ետք «Լեպանոն փրոժեքթ 2013» ցուցահանդէսին: Ներկայացնելով հրաժարալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, Սապունճեան շրջեցաւ «Պիել»-ի ցուցահանդէսի զանազան բաժիններուն մէջ: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին 26 երկիրներէ աւելի քան 700 ընկերութիւններ:
CATEGORIES Լիբանանեան

