Չեխ Խորհրդարանականներու Խումբ Մը` Արցախի Մէջ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Չեխիայէն ժամանած խումբ մը խորհրդարանականներ:

Հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, քննարկուեցան Արցախ-Չեխիա փոխադարձ յարաբերութիւններու վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ խորհրդարաններուն միջեւ կապերու հաստատման:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ Արցախը շահագրգռուած է Չեխիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման հարցով` աւելցնելով, որ ատիկա օգտակար պիտի ըլլայ երկու պետութիւններուն համար:

Share this Article
CATEGORIES