Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուշադրութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի թիւրիմացութեամբ հարց մը չունենաք ոեւէ մէկուն հետ: Շարունակեցէք ձեր որոշած աշխատանքներուն կիրարկումը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դրամատնային ձեր աշխատանքները կատարեցէք առանց յետաձգելու: Այս առնչութեամբ կրնաք հանդիպում մը ունենալ պատասխանատու անձի մը հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իր գործերը աւարտած մարդու մը գոհունակութիւնը պիտի ունենաք: Կրնաք սկսիլ նոր ծրագիրներ մշակելու, որպէսզի կարենաք յառաջիկային վերաբերեալ նորութիւններ ունենալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ակնկալած պատասխանը կրնաք լսել այսօր կամ վաղը: Մի՛ մտահոգուիք, մի՛ կարծէք, որ անտեսուած էք: Մնացէք լաւատես զգացումով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խմբական աշխատանք մը վարելու պարտաւորութիւնը պիտի ունենաք: Որքան որ կրնաք, հանդարտ մնացէք ձեր գործակիցներուն հետ: Անոնց սխալները սրբագրեցէք հանդարտ տրամադրութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աճապարանքով մի՛ մօտենաք որեւէ աշխատանքի: Հանդարտութեամբ կատարուած գործ մը միշտ արդիւնաւէտ եւ անսխալ կ՛ըլլայ: Հետեւեցէք այս խրատին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք նոր գործի մը ձեռնարկել, դիմեցէք փորձառու անձերու կարծիքին, որպէսզի դիւրութեամբ իրագործէք ձեր ծրագրած գործը: Ուղղամիտ եղէք եւ ինքնավստահ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութեան հարց մը միշտ ձեր մտքին մէջ է: Դիմեցէք ճամբորդական գրասենեակի մը եւ իմացէք օրուան սակերը, ինչպէս նաեւ ձեր երթալիք վայրին մասին տեղեկութիւններ քաղեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր ծրագրի մը մասին կը մտածէք, որ կը կարօտի գումարի: Ներկայիս յետաձգեցէք այս հարցը, մինչեւ որ ձեր տնտեսութիւնը բարելաւուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լսելը աւելի լաւ է, քան խօսիլը: Եթէ ձեր շուրջինները դիմեն ձեզի օգտակար ըլլալու ծրագրի մը մշակման, ընդունեցէք, տուէք ձեր կարծիքը անկեղծօրէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր երկրի մը մէջ ապրող բարեկամ մը կամ հարազատ մը ձեզի պիտի ուղղէ հրաւէր մը` այցելելու այդ երկիրը: Մի՛ մերժէք, համաձայնեցէք: Ուրախ կ՛ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Իրարու հետ գժտուած երկու անձերու հաշտութեան մասին ձեր որոշումը իրագործեցէք: Առաջին քայլը դուք առէք` անոնց միջեւ մերձեցման ճամբայ մը ցոյց տալու:

