50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1963)

Պատերազմական Վիճակ Հռչակուած Թեհրանի Մէջ

 Կրակմարի Դրութիւն Հաստատուեցաւ Երէկ
Արիւնալի
Դէպքերու Պատճառով

Բանակը Ստիպուեցաւ Կրակել Ցուցարարներու Վրայ –
100
Մեռեալ Եւ Վիրաւոր

Պատերազմական վիճակ հռչակուեցաւ չորեքշաբթի, 5 յունիսին, Թեհրանի մէջ, ուր, կիսապաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, 100 անձեր սպաննուած կամ վիրաւորուած են չորեքշաբթի տեղի ունեցած բուռն ցոյցերու ընթացքին: Միւս կողմէ` կրակմարի դրութիւն հաստատուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ ժամը 20:00-էն սկսեալ:

Նախարարաց խորհուրդը գումարուեցաւ ժամը 17:20-ին: Ոստիկանութեան տեսուչ, զօրավար Նասիրի նշանակուեցաւ քաղաքի զինուորական կառավարիչ` քաղաքային եւ զինուորական իրաւասութիւններով:

Զօրավար Նասիրի անմիջապէս հրատարակեց հետեւեալ հրահանգը. հանրային ամէն հաւաքոյթ արգիլուած է ժամը 20:00-էն սկսեալ:  Հանրային ապահովութեան ուժերը  հրահանգ ստացած են կրակելու պարզ ազդարարութենէ մը ետք: Հանրային կարգի դէմ գործունէութեան մէջ եղող ոեւէ անձ մահապատիժի ենթակայ է: Վերջապէս, զինուորական կառավարչութեան գործակալները իրաւունք ունին խուզարկելու եւ ձերբակալելու ոեւէ կասկածելի:

Կրակմարի համար ճշդուած ժամանակէն շատ առաջ Թեհրանի փողոցները պարպուած էին: Բանակային ջոկատներ կ՛երթեւեկէին եւ ճիփեր, բարձրախօսներով օժտուած, հրասայլերու ընկերակցութեամբ, կը ծանուցանէին կրակմարը: Իր կարգին, ձայնասփիւռը կանոնաւոր ընդմիջումներով կը հաղորդէր նախարարաց խորհուրդին որոշումները, որոնք իրապէս համազօր են պատերազմական վիճակի հաստատման:

Երեկոյեան մօտ, երբ քաղաքը հանդարտ կը թուէր, տակաւին անկարելի էր ստուգել այս խռովայոյզ օրուան հաշուեկշիռը: Մեռեալներու եւ վիրաւորներու թիւը մեծ է, ըստ գնահատութիւններու` 100-էն հազարի միջեւ:

Նոյնքան դժուար է գնահատել նիւթական վնասները: Հանրային շէնքերու ապակիները փշրուած են, հին թաղերու վաճառատուները աւերուած, շարժանկարի սրահներու կազմածները` փճացուած: Այս բոլորին վրայ թափած է ժողովրդային կատաղութիւնը:

Շատ մը պարագաներու մէջ  հրդեհներ պատահեցան` անհրաժեշտ դարձնելով հրշէջներու միջամտութիւնը: Անձնական ինքնաշարժներ, թաքսիներ եւ օթոպիւսներ տապալեցան, յաճախ հրկիզուեցան, ու քանի մը վարորդներ խոշտանգուեցան:

Դժուար է նաեւ գնահատել ցոյցերուն տարողութիւնը: Բայց կասկած չկայ, թէ ցուցարարներուն թիւը բազմահազար էր: Ընդհանրապէս ստորին խաւի մարդիկ էին անոնք, որոնք քանի մը տարի առաջ տապալեցին տոքթ. Մոսատեզը: Շատ քիչ ուսանողներ մասնակցեցան ցոյցերուն, որոնցմէ դուրս էին նաեւ ազգային ճակատին անդամներն ու «յառաջդիմական մտաւորականները»:

Ինչո՞ւ Տեղի Ունեցան Ցոյցերը

Միջադէպերուն պատրուակն էր իմամ Հիւսէյնի մահուան յիշատակի հանդէսը: Հակառակ անոր որ այս մահուան տարեդարձի տօնակատարութիւնները վերջացած էին 24 ժամէ ի վեր ու փողոցային ցոյցերը` արգիլուած ոստիկանութեան կողմէ, բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Կիւլիստանի պալատի հրապարակին վրայ` մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ տողանցելու համար:

Ոստիկանութիւնը միջամտեց տողանցքին արգելք հանդիսանալու համար: Զօրքը եւս, օգնութեան կանչուելով, փորձեց ցրուել ցուցարարները, բայց այս վերջիններուն ցոյց տուած դիմադրութեան առջեւ ստիպուեցաւ օդը կրակել: Ամբոխը ապա յարձակեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին վրայ` փշրելով պատուհաններու ապակիները, ապա` տեղեկատուութեան նախարարութեան, որուն շէնքը կից է առաջինին: Այն ատեն է, որ զօրքը կրակեց:

Պաշտօնական աղբիւրէ մը կը հաղորդուի, թէ խռովութեանց պատճառ դարձած են գրգռիչ տարրեր, որոնք վերջին օրերու արարողութիւններէն օգտուեցան կրօնական ցոյցերը վերածելու համար քաղաքական խռովութիւններու: Արդարեւ, իրենց վերջին քարոզներուն ընթացքին կրօնական պետերը բուռն յարձակումներ գործած էին կառավարութեան քաղաքականութեան եւ հողային բարեկարգութեան դէմ:

Ձերբակալուած անձերուն մէջ կը գտնուին իրանցի բազմաթիւ կրօնական պետեր, որոնց մէջ` այաթոլլա Խումէյնի եւ տոքթ. Ֆալսաֆի, ամէնէն ազդեցիկ շիի կրօնապետներէն մէկը:

Զօրքը դիրք բռնած է կայսերական պալատի տանիքներուն վրայ եւ անոր շուրջ, ինչպէս նաեւ` վարչապետարանին: Բանակը դրուեցաւ ահազանգի վիճակի մէջ, եւ Թեհրանի կայազօրին զինուորները ողողեցին արդիական թաղերը եւ քաղաքին կեդրոնը, ուր կը գտնուին գրեթէ բոլոր հանրային շէնքերը:

 

Արտասանական Մրցահանդէս

Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի արտասանական մրցման հանդէսը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, խուռն հանդիսականներու ներկայութեամբ, ուրբաթ, 31 մայիս 1963 երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի Պհամտունի ապրիլ 1-ի աղէտեալներուն ի յիշատակ կառուցուելիք Յիշատակարան-մատենադարան հիմնադրամին:

Հանդէսը սկսաւ դաշնակի վրայ նուագուած լիբանանեան քայլերգով եւ վեր. Վահրամ Սալիպեանի Ս. Գրքի ընթերցումով ու աղօթքով:

Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի երկսեռ երգչախումբը յայտագրին մասնակցեցաւ երկու խմբերգներով: Յաջող էր յատկապէս Գ. Սիւնիի «Վուշվուշ»-ը:

Քնար Գէորգեան դաշնակի վրայ նուագեց Շոփենի «Լեհական քայլերգ»-ը, Արուսեակ Փաշկեան` նոյն երաժիշտի «Ֆանթեզի»-ն:

Մեներգեցին Յասմիկ Սալիպեան` Թ. Ալթունեանի «Հերոս աղջիկ»-ը եւ Մանուշակ Ներսէսեան` Խ. Աւետիսեանի «Տաւիղ»-ը եւ հանդիսականներու ծափերուն ընդառաջելով` յայտագրէ դուրս երգ մը:

Սահակ Շամլեան ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց Սպենդիարեանի «Էնզելի»-ն:

Եղան հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն արտասանութիւններ: Ամէն մէկ լեզուի համար առանձին եռանդամ դատական մարմին նշանակուած էր: Օտար լեզուներու համար նշանակուած դատական կազմերը առաւելաբար կը բաղկանային օտարազգի անձնաւորութիւններէ:

Նկատի ունենալով, որ հայերէնի մասնակցողներու թիւը աւելի է միւս լեզուներէն, որոշուած էր ընտրել Ա., Բ. եւ Գ. հանդիսացողները. առաջին երկուքը պիտի ստանային նուէրներ, իսկ երրորդը կ՛արժանանար յիշատակութեան: Օտար լեզուներու պարագային Ա.ը կը ստանար նուէր, Բ.ը կ՛արժանանար յիշատակութեան:

Բոլոր արտասանութիւններու ունկնդրութենէն ետք դատական կազմերը առանձնանալով` տուին տրենց որոշումները, որոնք կարդացուեցան վարժարանի տնօրէն վեր. Տիգրան Խնդրունիին կողմէ եւ մրցանակի  արժանացողները բեմ բարձրանալով` ստացան վեր. Խնդրունիէն մէկական արժէքաւոր գիրք, արժանանալով նաեւ հանդիսականներու գնահատանքի ծափերուն:

Հայերէնի առաջնութիւնը շահեցաւ Հայկալոյս Պահատուրեան` արտասանելով Դ. Վարուժանի «Լոյսը»: Երկրորդը` Սեդա Գալփագեան արտասանեց Արազիի «Արեւ»-ը: Դատական կազմը հարկ նկատած էր շեշտել, թէ առաջինին բաղդատաբար` աւելի դժուար արտասանելի ըլլալը նկատի առնուած է եւ որոշումը տրուած ըստ այնմ: Երրորդ` Յասմիկ Սալիպեան, որ արտասանեց Յ. Շիրազի «Մարդկանց անունները»:

Արաբերէնի առաջնութիւնը` Լուսին Պարմագսըզեան, որ արտասանեց Մխայէլ Նայիմէի «Պատերազմէն ետք» բանաստեղծութիւնը: Երկրորդ Թագուհի Ղազարեան` Ֆաուզի Խալիլ Աթուիի բանաստեղծութիւնը արտասանելով:

Անգլերէն Ճոն Թիթիզեան` Ե. Մէոֆիլտի «Սի Ֆեւըր» եւ երկրորդ Վարդուհի Կէյիքեան` Ճ. Քիթցի «Օտ ան ը կրեքեըն ըրն»-ը արտասանելով:

Ֆրանսերէն Սօսի Աղազարեան` Ժ. Էքարտի «Լա լէժանս տը ֆորժըրոն» եւ երկրորդ Սեդա Լիպարիտեան` Լամարթինի «Լիճը» արտասանութեամբ:

Երեկոյթը վերջացաւ վեր. Խնդրունիի յաւուր պատշաճի հակիրճ շնորհակալութեան եւ փակման խօսքով ու աղօթքով:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES