Նորաձեւութիւն. Տիոր Նորաձեւութեան Տան 2013-ի Ամրան Նորաձեւութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քրիսթիան Տիոր իր հաւաքածոները ստեղծագործելու ժամանակ մեծապէս ոգեշնչուեր է Մոնաքոյի իշխանուհի Կրէյս Քելիով: Այսօր Տիոր նորաձեւութեան տան տնօրէն-ձեւագէտ Ռաֆ Սիմսոնը ոգեշնչողը Մոնաքոյի Ալպեր իշխանին կինը` Շարլենն է:

Ստորեւ քանի մը նմուշ` Սիմսոնի յղացումներէն:

 

 

 

 

 

 

 

Ո՞վ Է Շարլեն Իշխանուհին

Շարլեն Ուիթսթոք ծնած է 25 յունուար 1978-ին, Զիմպապուէյ, ապա ընտանիքին հետ գաղթած է Հարաւային Ափրիկէ: Եղած է լողի նախկին ախոյեան եւ Մոնաքոյի  Ալպեր իշխանին հետ պսակուած է 2 յուլիս 2011-ին:

Ափրիկէ անցուցած տարիները զինք յատուկ կերպով զգայուն դարձուցած են թշուառ երեխաներու հարցերուն նկատմամբ: Ներկայիս ան կը զօրակցի բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, իսկ 2011-ին հիմնած է Շարլեն իշխանուհիի հիմնարկը` Մոնաքոյի մէջ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերելով աշխարհի մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւող կիներուն եւ երեխաներուն:

Շարլեն, բացի լողէն, կը սիրէ նաեւ լեռնագնացութիւնը, կենսագրական գործերու եւ բանաստեղծութիւններու ընթերցումը եւ ժամանակակից արուեստը:

 

Հետաքրքրական

Լոլիկը Կը Պաշտպանէ

Հոգեկան Ընկճուածութենէ

Չինացի եւ ճափոնցի գիտնականներ կը հաստատեն, թէ լոլիկը կը պաշտպանէ հոգեկան ընկճուածութենէ: Արդարեւ, հազարաւոր անձերու վրայ կատարուած լուրջ եւ հետեւողական ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ շաբաթական 2-5 լոլիկ ուտող անձերը 50 տոկոսով պաշտպանուած կ՛ըլլան հոգեկան ճնշուածութենէ: Հետեւաբար վերոյիշեալ գիտնականները բոլորին կը թելադրեն փորձել այս աժան եւ ազդու «դեղը»:

Դդումը` Քաղցկեղածին Բջիջներու Դէմ

Քոլորատոյի հիմնարկի գիտնականներու կարծիքով, խոշոր դդումի հիւթը նուազագոյնի կը հասցնէ քաղցկեղածին բջիջներու յառաջացումը, մինչեւ իսկ կը սպաննէ զանոնք:

Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ դդումի հիւթին շնորհիւ` 60 տոկոսով նուազած են քաղցկեղածին բջիջներու տարածումը, իսկ միւս կողմէ` ոչ միայն առողջ բջիջներու աշխատանքը չէ խախտած, այլ կողմնակի անբաղձալի ազդեցութիւններ եւս չեն նկատուած մարմնին մէջ:

Ծամոնը Կ՛օգնէ Կեդրոնացումին

Բրիտանացի գիտնականներու կարծիքով, ծամոնը ոչ միայն կ՛օգնէ նիհարնալու, այլեւ` կեդրոնացումի:

Այսպէս, մասնագէտներ կազմակերպեր են ականջի յիշողութեան փորձ-քննութիւն: Մասնակիցները բաժներ են երկու խումբի, անոնց համար կարդացեր են թիւեր` պատահական կարգով, իւրաքանչիւր մասնակից պէտք է 30 վայրկեանի ընթացքին կարենայ ճիշդ դասաւորել թիւերը` կենտ, զոյգ, կենտ հերթականութեամբ: Երկու խումբերէն մէկն ալ միաժամանակ ծամոն ծամեր է:

Արդիւնք. այն խումբը, որուն մասնակիցները ծամոն ծամեր են, աւելի արագ հակազդեցութիւն ունեցեր են, քան անոնք, որոնք չեն ծամեր: Նաեւ յայտնուեր է, թէ ծամողներուն խումբը աւելի կեդրոնացած աշխատեր է եւ աւելի յաջող արդիւնք ձեռք ձգեր է, քան` չծամողները:

 

Փորձառուներու Կարծիքով

 Ինչպէ՞ս Ճիշդ Որոշում Կայացնել

Ա.- Առաջնորդուեցէք բնազդներով

Երբ ընտրութիւնը աննշան բաներու միջեւ է, դիւրին է կողմնորոշուիլը, իսկ երբ աւելի կարեւոր հարցերու շուրջ է, տատամսումը շատ բնական է: Լա՛ւ կշռադատեցէք, դրականն ու բացասականը համեմատեցէք, եւ եթէ ելք չէք գտներ, պարզապէս վստահեցէք ձեր բնազդներուն. ընտրութիւնը, որ կ՛ընէք, պիտի ըլլայ ամենաճիշդ տարբերակը:

* * *

Բ.- Քնացէ՛Ք Նախքան Կողմնորոշուիլը

Անգիտակից վիճակի մէջ ուղեղը հակամէտ է աւելի արագ որոշումներ կայացնելու եւ ամէն ինչ ճիշդ կշռադատելու: Հետեւաբար քնացէք` ձեր խնդրին մասին մտածելով, իսկ առաւօտեան կ՛արթննաք եւ ձեր ուղեղը կը յայտնէ ձեզի` ճիշդ որոշումը:

* * *

Գ.- Խօսեցէ՛ք մտերիմ անձերու հետ

Ձեր հարցին մասին խօսեցէք մտերիմ ընկերներու կամ հարազատներու հետ, անոնց  անկեղծ կարծիքները կրնան ճիշդ ուղիի վրայ դնել ձեզ:

* * *

Դ.- Բոլորին չպատմէ՛ք

Երբ հարցի մը մասին որոշում պիտի կայացնէք, բաւարարուեցէք սակաւաթիւ ընկերներու կարծիքներով, խուսափեցէք ձեր հարցը կամ կեանքին մանրամասնութիւնները պատմելէ վարսայարդարին, խանութպանին կամ դրացիին. անոնք ձեզ լաւ չեն ճանչնար եւ կրնան ձեզ շեղել ճիշդ ուղիէն:

* * *

Ե.- Նկատի առէք հետեւանքները

Նախքան որոշում կայացնելը` եղէք հեռատես, քննարկեցէք անոր հաւանական հետեւանքները` ապագային զղջումներ չունենալու համար:

* * *

Զ.- Յոյս չդնէք բախտին կամ ճակատագրին վրայ

Չ՛արժեր որոշում կայացնել` հետեւելով «աստղերուն» կամ «ֆալ»-երուն, անոնց թելադրած լուծումները հիմք կամ խորք չունին: Որոշումը պէտք է բխի մի միայն ձեզմէ:

* * *

Ահա թէ ինչպէ՛ս կը մտածեն փորձառու մարդիկ` ճիշդ որոշում կայացնելու հարցին կապակցութեամբ:

 

Խոհագիր

Չինական Աղցաններ

Բողկով աղցանին համար անհրաժեշտ են.

– 1 գլուխ սոխ
– 3 հատ միջակ ստեպղին
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 կապ բողկ
– 3 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Ստեպղինն ու բողկը լուալ, ապա շատ բարակ ձողիկներու վերածել: Վրան աղ ցանել եւ 5-10 վայրկեան մէկ կողմ ձգել: Յետոյ ափերուն մէջ սեղմելով` քամել եւ փոխադրել ամանի մը մէջ: Աւելցնել շատ մանր մանրուած սոխը, բուսական իւղը եւ խառնել: Հրամցնելու պահուն զարդարել մանրուած գինձով:

* * *

Վարունգով աղցանին համար անհրաժեշտ են.

– 500 կրամ վարունգ
– 4 պճեղ սխտոր
– 2 ապուրի դգալ քացախ
– 1 կծու, կարմիր պղպեղ
– 1 ապուրի դգալ շաքար
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ

Պատրաստութիւն

Վարունգները երկայնքին չորսի վերածել, ապա մէջտեղէն կիսել: Սխտորը 2 դգալ ձէթին մէջ հարիչէն անցընել եւ աւելցնել վարունգին վրայ: Աւելցնել մնացեալ բաղադրիչները` բացի կծու պղպեղէն:

Տապակին մէջ 1 ապուրի դգալ ձէթ տաքցնել, կտրտուած կծու պղպեղը քանի մը վայրկեան հետը դարձնել, սպասել, որ պաղի, ապա աւելցնել վարունգներուն վրայ:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Օրս

Պոչը քաշեց ու գնաց օրս, ինչպէս գող կատու.
Մի մլաւոց չհանեց, բան չասեցինք մէկմէկու:
Չտեսնելու ես տուի` ինչ ուզում է, թող տանի.
Մի յոգնութիւն թաթի մէջ կորաւ մթնում անհունի:

Չշոյեցի ես նրան, չասի քնքուշ ոչ մի բառ,
Չդրեցի ծնկանս, գոնէ մի քիչ մըռմըռար:
Ի՞նչ տուեցի, որ մնար. մի հեւք, մի վազք խելագար
Գոնէ այդպէս չգնար… գոնէ այդպէս չգնար…

ՆՈՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES