Գաղութէ – Գաղութ
Թեհրան
Դասախօսութիւն` Սարդարապատի
Հերոսամարտին Մասին
Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 27 մայիսին հաստատութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամփոփ ակնարկ` Սարդարապատի ճակատամարտին» խորագրով դասախօսութիւն: Դասախօսներն էին` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան եւ պատմաբան-բանասէր Քաւէ Բայաթ:
Բացման խօսքին մէջ Իսիկ Իւնանէսեան ներկայացուց դասախօսները եւ դասախօսութեան նպատակը, որմէ ետք զոյգ դասախօսները անդրադարձան Ա. Աշխարհամարտի վերջին շրջանի իրադարձութիւններուն, 1917 թուականի դէպքերուն եւ անոնց հետեւանքներուն, 1918-ի մայիսեան ճակատամարտերուն, մասնաւորաբար Սարդարապատի հերոսամարտի յոյժ կարեւորութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հաստատման ու անկախութեան, անոր աշխարհագրական տուեալները,
հոգեբարոյական ազդեցութիւնը, քաղաքական հետեւանքները:
Ատրպատական
Խմորեղէնի Պազար` Ի Նպաստ ՀՕՄ–ի Թաւրիզի Մասնաճիւղին
16 մայիսին Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանի առաքելութեան նուիրուած ՀՕՄ-ի վարչութեան, ուսուցչակազմի եւ Ծնողական խորհուրդի միացեալ աշխատանքով պատրաստուած խմորեղէնի պազարի:
Թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք հաւատալով ՀՕՄ-ի մարդասիրական առաքելութեան ու մանաւանդ մատղաշ սերունդի կազմաւորման գործին մէջ ունեցած ներդրումին` իրենց նպաստը բերած էին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
Վարչութեան անդամներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին թեմի առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան անդամները առիթ ունեցան զրուցելու միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, յատկապէս` կրթական յառաջիկայ տարուան համար:
Ռուսիա
Կազմուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան
100-ամեակի Ձեռնարկներու
Համառուսական Յանձնաժողովը
22 մայիսին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ հայ համայնքի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող համառուսական յանձնաժողովին կազմակերպչական անդրանիկ նիստը:
Անցեալ տարի Ռուսիոյ հայ համայնքի հասարակական կազմակերպութիւնները տարածաշրջանային յանձնաժողովներ կազմեցին Մոսկուայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Հայաստանի դեսպան Օլեկ Եսայեան նկատել տուաւ, որ նախատեսուելիք ձեռնարկներու իրականացման կարեւորութիւնը թելադրուած է մարդկութեան պատմութեան ամենասարսափելի ոճրագործութիւններէն մէկուն` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացի արդիւնաւէտ շարունակման առաջնահերթութեամբ, ընդգծելով, որ համառուսական յանձնաժողովին աշխատանքները կ՛ընթանան Հայաստանի նախագահին գլխաւորութեամբ ստեղծուած համահայկական յանձնաժողովի աշխատանքներուն զուգահեռ:
Սպանիա
Ֆլորա Մարտիրոսեանին Երգերը
Հնչեցին Բարեսիրական Համերգին
Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին 11 մայիսին Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքի «Սանթա քոլոմա» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քո հետքերով» բարեսիրական համերգ մը: Ֆլորա Մարտիրոսեանին երգերը մեկնաբանեց համերգային ծրագիրի իրականացման գաղափարը յղացող երգչուհի Սոնա Արոյեան:
Պուլկարիա
«Խաչը Եւրոպական Մշակոյթին Մէջ»
Ցուցահանդէսին Ներկայացուեցան Նաեւ
Հայկական Խաչեր
13 մայիսին Սոֆիայի Ազգային ազգագրական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչը եւրոպական մշակոյթին մէջ» խորագրով ցուցահանդէսի բացում, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը` ներկայացնելով Փլովտիւ քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թանգարանէն նմուշներ, որոնցմէ Քրիստոսի խաչելութեան Սուրբ Թագաւորի Բեւեռի մասունքը պարունակող խաչը:
12 պետութիւններու կողմէ ներկայացուած ցուցանմուշներ պարունակող այս ցուցահանդէսը կը վկայէ ընդհանուր եւրոպական տան հարուստ մշակութային բազմազանութեան մասին:
Ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ 27 մայիս:
Հայ Գիրքի Տօնավաճառ
Նախաձեռնութեամբ Փլովտիւի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի Երիտասարդ արհեստավարժներու, 19 մայիսին կազմակերպուեցաւ «Հայ գիրքի տօնավաճառ» մը, ուր ներկայացուած էին վերջին տարիներուն Պուլկարիոյ մէջ լոյս տեսած հայ հեղինակներու պուլկարերէն հրատարակութիւնները:
Ձեռնարկին ընթացքին Պուրկասի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ խմբավար եւ մեներգող Մերի Մովսիսեան ներկայացուց քանի մը հայկական շարականներ, իսկ Փլովտիւի Մալվինա Մանուկեանի անուան մանկական թատրոնին սաները, Վարդա Մարուքեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացուցին հայ եւ պուլկար բանաստեղծներէն շարք մը ստեղծագործութիւններ:
ֆրանսա
Շարլ Ազնաւուր Նշեց Իր 89-ամեակը
Շարլ Ազնաւուր ծնած է 22 մայիս 1924-ին, Փարիզ:
Սկզբնական շրջանին Ազնաւուր իբրեւ երգիչ հանդէս եկած է երգահան Փիեռ Ռոշի հետ: Երբ Էտիթ Փիաֆ կը նկատէ անոնց կատարումը, Ազնաւուրն ու Ռոշը կը հրաւիրէ մասնակցելու 1964-ին դէպի Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր շրջագայութեան: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Ազնաւուր կը սկսի իր երգիչի ասպարէզին: Իր ստեղծագործական ասպարէզին ընթացքին Ազնաւուր ստեղծած է աւելի քան հազար երգ, որոնցմէ շատերը կատարած են Ռէյ Չարլզը, Լայզա Մինելլին, Պոպ Տիլընը, Խուլիօ Իկլեսիասը:
Ազնաւուր հանդէս եկած է Ֆրանք Սինաթրայի, Սելին Տիոնի, Լուչիանօ Փաւարոթթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Փաթրիսիա Քաասի, Լայզա Մինելլիի եւ այլոց հետ:
Ան մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի այն քաղաքներու վերականգնման գործին մէջ, որոնք տուժած էին 1988-ի երկրաշարժէն:
2009-էն ի վեր Ազնաւուր Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանն է եւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ: 2008-էն ի վեր ան Հայաստանի քաղաքացի է:
Մարսէյի Մէջ Պիտի Բացուի
Հանրի Վեռնէոյի Անուան Հրապարակ
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, 17-23 յունիսին Մարսէյի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ»:
Այս ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հանրի Վեռնէոյ» ցուցահանդէսի եւ Հանրի Վեռնէոյի անուան հրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն: Շարլ Ազնաւուրին պիտի շնորհուի Մարսէյի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում: Պիտի կազմակերպուին գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ եւ Արցախին նուիրուած քննարկում:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան օրուան ծիրին մէջ պիտի ներկայացուի ցուցադրութիւն` նուիրուած Հայաստանի մարզերուն եւ տեղի պիտի ունենայ հայկական աւանդական ճաշերու ցուցադրութիւն եւ համտեսում, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի գարեջուրի գործարանի ապրանքներու տեսակներու ներկայացում:
Միացեալ Նահանգներ
Արցախի Անկախութեան 25-ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, վերջերս Արցախի անկախութեան 25-ամեակին առիթով նոյն համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ դատի յանձնախումբէն Փոլ Ճամուշեան:
Օրուան բանախօսն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, որ յայտնեց, թէ Արցախի ժողովուրդը կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով մարդոց ծանօթացնել Արցախի հարցը, որովհետեւ օրինական շատ զօրաւոր, պատմական եւ բարոյական հիմքեր ունի ազատ ապրելու համար: Ապա ան խօսեցաւ Արցախի տագնապի ծալքերուն ու Արցախի տնտեսութիւնը վերականգնելու աշխատանքներուն մասին անդրադառնալով Ազրպէյճանի հսկայական քանակութեամբ զէնքեր գնելու քաղաքականութեան, վստահեցնելով, թէ նման քայլեր չեն կրնար վախցնել արցախցին:
Ֆրեզնոյի Հայկական Շարժապատկերի
Փառատօնը
Վերջերս Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական շարժապատկերի տարեկան 14-րդ փառատօնը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին արտադրուած հայկական շարժապատկերներ: Սոյն նախաձեռնութեան նիւթապէս նեցուկ կը կանգնի «Թամըս Էյ. Գույումճեան ընտանիք» հիմնադրամը:
Այս տարուան փառատօնին յատուկ հիւրն էր բեմադրիչ Հայկ Համբարձում, որ ներկաներու հարցումներուն պատասխանեց իր ժապաւէնի` «Մեծարենց»-ի ցուցադրութենէն ետք: Ցուցադրուեցան նաեւ Քէյ Մուրատեանի «Մօրս ձայնը», Սարօ Վարժապետեանի «Ջուրէն ետք` աւազ», Էլլա Հաթամեանի «Յայտնութիւն», Արշակ Զաքարեանի «Կինը» եւ շարք մը այլ ժապաւէններ:
Հայոց, Ասորիներու Եւ Յոյներու
Ցեղասպանութեան Նիւթին Շուրջ
Միջազգային Գիտաժողով
Կազմակերպութեամբ Իլինոյի Հայ դատի յանձնախումբին, Ասորիներու ցեղասպանութեան կեդրոնին եւ Յունական ուսումնասիրութեան կեդրոնին, 10-11 մայիսին Շիքակոյի Սքոքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը «Հայոց, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը» նիւթով:
Գիտաժողովին բացումը կատարեց հանրածանօթ լրագրող Ճոն Տէյվիս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հովանաւորներուն, կամաւորներուն եւ դասախօսներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ ներդրում կատարեցին: Ապա խօսք առաւ Սքոքիի քաղաքապետ Ճորճ Վան Տուզըն, որ յայտնեց, թէ յատուկ նպատակով այս գիտաժողովը կը կատարուի Ողջակիզման թանգարանին մէջ: Ապա խօսք առաւ յոյն հիւպատոս Իոննա Էֆթիմիատու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկը կազմակերպող մարմինին` աւելցնելով, որ հետզհետէ երիտասարդ ուսանողներ աւելի պիտի հետաքրքրուին` կատարելով հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Ապա Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Ճորճ Շիրինեան բացատրեց, թէ ինչպէս պիտի ընթանայ երկօրեայ ժողովը:
Ֆլորիտայի համալսարանին մէջ Ողջակիզման ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի պատասխանատու տոքթ. Փոլ Պալթրոփ յայտնեց, թէ վերոյիշեալ երեք ցեղասպանութիւններուն համար ամէնէն աւելի կարեւոր ազդակը պատրաստութիւնն է վերապրողներուն հետ արխիւային թղթածրարներու, որոնք կը մնան ստոյգ փաստ:
Ապա «Սքայփ»-ի դրութեամբ կարելի եղաւ կապ հաստատել Աւստրալիոյ Մակեդոնական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ տոքթորականի թեկնածու Սթաւրոս Սթաւրիտիսի հետ, որ ներկայացուց ստոյգ փաստեր եւ վկայագրութիւններ, զորս ան կատարած էր Քանպերայի թանգարանին մէջ: Ան մասնագիտացած է ասորիներու ցեղասպանութեան նիւթին մէջ: Միեւնոյն նիւթին մասին անդրադարձաւ Անահիտ Խոսրոյեւա, որ առաւելաբար օգտագործած էր Հայաստանի ակադեմիայի աղբիւրները:
Տոքթ. Հանիպալ Թրաւիս անդրադարձաւ փոխհատուցման եւ սրբատեղիներու վերանորոգման մասին: Ան յատուկ մանրամասնութեամբ զեկուցեց Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիներու վերանորոգման աշխատանքներուն մասին:
Նիւ Օրլինզի համալսարանի դասախօս տոքթ. Ռապըրթ Շենք անդրադարձաւ ամերիկացի ծովակալ Մարք Պրիսթոլի կատարած հետեւողական աշխատանքներուն մասին: Ան ամէն գնով փորձած էր օժանդակել տեղւոյն փոքրամասնութիւններուն, որոնք յատկապէս կազմուած էին հայերէ, ասորիներէ եւ յոյներէ:
Թէօ Հալօ, որ «Նաթ իվըն մայ նէյմ» գիրքին հեղինակն է, զեկուցեց յոյներու ջարդին մասին, կատարուած` 1913-1923 տարիներուն: Ապա փրոֆ. Իլէյն Ֆուֆաս յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց յոյն լրագրող Քոսթաս Ֆալթայիսի 1921-ին հրատարակուած գործին մասին:
Երկրորդ օրուան առաջին խօսք առնողն էր Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի ներկայացուցիչ Քեն Խաչիկեան, որ անդրադարձաւ լոպիինկի մասին եւ շեշտեց, որ նմանօրինակ գիտաժողովներ առաջնահերթ դեր ունին ճանաչման, պահանջատիրութեան եւ հատուցման գծով:
Տոքթորականի թեկնածու վրացի Ճորճիա Քութա մանրամասնութեամբ ներկայացուց Բրիտանիոյ յոյն խմբաւորումին աշխատանքը` հետեւողական ձեւով հաւաքելով տեղեկութիւններ, լուսանկարներ, թերթեր եւ այլն:
Ապա խօսք առաւ տոքթ. Թեհմինէ Մարտոյեան, որուն կիզակէտն էր սեպտեմբեր 1922-ին կատարուած Զմիւռնիոյ ջարդը, տեղեկացնելով, թէ յատկապէս հայեր եւ յոյներ հալածուած ու սպաննուած էին:
Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան բաղդատական մը ներկայացուց միեւնոյն թուականներուն կատարուած յոյներու եւ հայերու ջարդերուն միջեւ: Ան անդրադարձաւ քիւրտերու մասին, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ, աշխարհագրական պատճառներով աւելի դեր ստանձնած էին, քան` յոյներու դէմ կատարուած հալածանքներուն:
Ուստըրի պետական համալսարանի դասախօս փրոֆ. Տիգրան Խալիկեան խօսեցաւ 1908-1914 տարիներուն տիրող անապահովութեան մասին: Ան նաեւ ներկայացուց այդ օրերու Երիտասարդ թուրքերու գաղափարախօսութիւնը, որ հետզհետէ դէպի ազգայնամոլութիւն ուղղուած էր:
Օրուան վերջին խօսողն էր Ռաթկըրզ համալսարանէն տոքթ. Սուրէն Մանուկեան, որ չարչարանքի մասին խօսելով` յայտնեց, թէ համեմատած հրեաներու Ողջակիզման, հայերու ջարդը շատ աւելի դժուար է նկարագրելը, նկատի ունենալով, որ զանազան ձեւեր օգտագործուած էին:
Եզրափակելով գիտաժողովը` կազմակերպիչ մարմինի անդամ Ճորճ Մաւրոփուլոս յայտնեց, թէ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ կատարուած ջարդերը կանխամտածուած են եւ անոնց նպատակն էր քրիստոնեայ բնակչութիւնը հեռացնել Անատոլիայէն:
Տոքթ. Ալթեպարմաքեան Կ՛արժանանայ
«Էլիս Այլընտ» Շքանշանին
11 մայիսին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Էլիս Այլընտ» շքանշաններու տուչութիւն, որուն ընթացքին, Ֆրեզնոյի «Քայզըր փըրմընենթէ» հիւանդանոցին գլխաւոր բժիշկ Վարուժան Ալթեպարմաքեան արժանացաւ սոյն շքանշանին` Ֆրեզնոյին շնորհած իր սպասարկութեանց ու քաղաքէն ներս թէ դուրս իր կատարած բարեգործական աշխատանքներուն իբրեւ հատուցում:

