Դեղերու Գործածութեան Մասին Դասախօսութիւն

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Բարգաւաճման ծրագրի յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Թրատի Հայ աւետարանական կեդրոնի սրահին մէջ:

Դասախօս դեղագործ Նանօր Թաշճեան խօսեցաւ դեղերու տեսակներուն եւ անոնց գործածութեան մասին: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը բժիշկի այցելութեան եւ դեղագրի համաձայն ճշգրիտ դեղերու գործածութեան եւ աւելցուց, թէ յաճախ դեղերու անտեղի օգտագործումին պատճառով հիւանդին մօտ կը նշմարուին դեղերու կողմնակի ազդեցութիւններ: Ան թելադրեց մնայուն կապ հաստատել բժիշկին հետ, հասկնալ հիւանդութիւնը եւ ըստ ախտաճանաչումին գործածել դեղերը, միեւնոյն ատեն փոխելով ապրելակերպը եւ հետեւելով յատուկ սննդականոնի: Ան նաեւ խօսեցաւ նոր տեսակ դեղերու առաւելութիւններուն մասին, եւ` անթիպիոթիքի սխալ գործածութեան: Դասախօսը խստիւ քննադատեց այն յոռի սովորութիւնը, երբ նոյնանման հիւանդութիւն ունեցողներ կը բաժնեկցին դեղերը, որովհետեւ իւրաքանչիւր հիւանդ յատուկ է, եւ միայն բժիշկը կրնայ որոշել բուժման ձեւը եւ դեղերը:

Դասախօսութեան վերջին բաժնին մէջ դեղագործ Նանօր խօսեցաւ դեղերու պահպանման ձեւին, դեղերու գործածութեան ոճին, ինչպէս նաեւ յաւելեալ դեղ առնելու պարագային պէտք եղած միջոցառումներուն մասին: Ապա առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցնելու հարցումներ եւ պէտք եղած լուսաբանութիւնները տրուեցան:

Share this Article
CATEGORIES