Յարգանք Ու Պատիւ` Արժանաւորաց (Նազարեան Վարժարանի 50-ամեակ)

Մեր ժողովուրդը, իր ունեցած ազգային բազում բարեմասնութեանց ու սովորութեանց կողքին, ունի նաեւ յարգանքի ու մեծարանքի մասնաւոր առանձնաշնորհում մը, որով չի զլանար յայտնելու իր զգացած ազնիւ զգացումները այնպիսի մեծութիւններու նկատմամբ, որոնք իրենց բարեգործութեամբ, քաջագործութեամբ կամ եզակի ներդրումներով սատար կը հանդիսանան մեր ազգին, եկեղեցւոյ կամ հայրենիքին:

Նմանօրինակ բացառիկ երեկոյի մը վկաները դարձանք, երբ ներկայ գտնուեցանք Լիբանանի սրտին վրայ բարձրացած եւ ուղիղ 50 տարիներէ ի վեր հայապահպանման ազնիւ, բայց դժուարին աշխատանքը գործնականացնելու համար հիմնադրուած եւ Նազարեան գերդաստանին կողմէ կեանքի կոչուած Լ. Կ. Նազարեան վարժարանին հիմնադրութեան յիսնամեակին նուիրուած յոբելեան-ճաշկերոյթին, որ նաեւ եղաւ այդ հաստատութիւնը գործնականացուցած բարերար Նազարեան ընտանիքին ազնուահոգի անձնաւորութիւններու մեծարման երեկոյ, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ի երեկոյեան, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը:

Ճաշկերոյթի նախօրեակին ներկաներուն հրամցուեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵ Ընկերակցութեան «Արին» պարախումբին «Վարդագոյն աղջիկներու պար»-ը, որ հաճելի տրամադրութիւն ստեղծեց հրաւիրեալներու մօտ:

Բոլորին կողմէ սպասուած եզակի յոբելենական ձեռնարկին ներկայ էին` բարերար գերդաստանին անդամներ ու շառաւիղներ: Այսպէս, ներկայ էին` բարերար ու Լիբանանի խորհրդարանի պետական երեսփոխան Արթիւր  Նազարեանն ու իր կինը, եղբայրը` Լեւոն Նազարեան, իրենց քոյրը` Սոնիա Նազարեան-Գրուշեան, բարերարի թոռ` Կերի Նազարեանին կողակիցը` Միշէլ Նազարեան:

Ներկայ էին մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներէն ժամանած բարերար Նուպար Նազարեանի դուստր եւ միութեանս նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանին կողակիցը` բարերար Վերա Նազարեան-Սեդրակեանը, ինչպէս նաեւ իրենց դուստրը` Լարա Սեդրակեանը:

Յոբելենական երեկոյեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներով, որոնցմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀԲԸ Միութեան Շրջ. յանձնաժողովի ատենադպիր եւ Կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեանը:

Լիպարիտեան ըսաւ. «Յիսուն տարիներ առաջ երազ մը իրականացաւ: 50 տարիներ առաջ, կիրակի, 14 յունուար 1962-ին, պարզ հողաշերտ մը Սին Էլ Ֆիլի մէջ, դարձաւ յոյսի աղբիւր` իւրաքանչիւր լիբանանահայու համար: Այդ յիշատակելի օրը Սաթենիկ Նազարեանը եւ իր երեք տղաքը` Կարպիս, Նուպար եւ Նազար Նազարեաններ, հաւատարիմ մնալով իրենց ամուսինէն ու հօրմէն փոխանցուած յանձնարարութեան, կեանք տուին բարերար Լեւոն Նազարեանի «Դպրոցաշինութեան կտակ»-ին` հիմը դնելով ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանին: Այս գիշեր ՀԲԸՄ-ի տան մէջ հաւաքուած ենք բոլորս տօնելու այդ հրաշալի երազին իրականացման 50-ամեակը: Ի՜նչ գեղեցիկ ու պարծենալի երեւոյթ մըն է, որ կը պարզուի»:

Ան դիտել տուաւ, որ համախմբումը նպատակ ունի երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Նազարեան բարերար ընտանիքին, իրենց մեզի ընծայած թանկագին ու հայ պատանին յաւերժ արժեւորող նուէրին համար, որն է` ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան:

Ան կարեւոր նկատեց վարժարանի յիսնամեայ հեզասահ ճանապարհը, յաջողութիւնները, բարձրորակ ուսումը եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ ունեցած կարեւոր ու անժխտելի դերը:

Ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանի յիսնամեայ կրթական բեղուն ճանապարհը ներկայացնող տեսերիզ, պատրաստուած` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեանի կողմէ:

Նոյն առթիւ Արա Վասիլեան կարդաց բարերար Նազար Նազարեանի (Միացեալ Նահանգներ) սրտի խօսքը: Բարերարը իր խօսքին մէջ գոհունակութեամբ կ՛ըսէր.

«Թանկագին բարեկամներ. ուրախութեամբ լսեցի, որ կ՛ուզէք նշել Նազարեան վարժարանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը: Խոստովանիմ, որ երբ առաջին անգամ լսեցի այս մասին, սկիզբը ուրախացայ, բայց նաեւ… յուզուեցայ: Ուրախացայ, որ հօրս ու մօրս յիշատակին բարձրացած հայկական այս տունը արդէն դարձած է 50 տարեկան, եւ Նազարեան վարժարանը 50 տարիներ շարունակ ծառայած է Լիբանանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն` լաւագոյնս, արդարացնելով իրեն վստահուած ազգային պարտականութիւնը…»:

Նազար Նազարեան իր խօսքը շարունակեց հետեւեալ արտայայտութեամբ.

«Մենք ուրախ ենք, որ կրցանք 1962-ին իրականացնել մեր հօր տարիներու երազը եւ մեր ժողովուրդին պարգեւել հայկական կրթական օճախ մը, որ հակառակ Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի քաղաքական վերիվայրումներուն, մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ կանգուն, հպարտ եւ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ անմիջական սէրը` վարժարանի պատասխանատուներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն ու ծնողներուն»:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Նազարեանէն շրջանաւարտ եղած եւ այսօր արուեստի բնագաւառին մէջ ներկայութիւն եղող արուեստագէտներու` սոփրանօ Յասմիկ Սանոսեան-Թէմիզեան, դաշնակահար Սեւակ Տէր Ղուկասեան, թենոր Ճոնի Կէօքճեան, որուն ընկերակցեցաւ դաշնակահար Ցոլինէ Էլմայեանը:

Երբ աւարտին հասաւ գեղարուեստական յայտագիրը, երեկոյեան կարեւորութեան մասին խօսեցաւ ՀԲԸ Միութեան կրթական տնօրէն (Նիւ Եորք) Արթուն Համալեանը: Ան իր խօսքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Նազարեան վարժարանին անցած 50 տարիներու ճանապարհին, անոր դերին ու բերած ազգօգուտ նպաստին:

Արթուն Համալեան, գնահատելէ ետք  Նազարեան վարժարանի յաջող երթը եւ մինչեւ օրս ձեռք բերած արդիւնքները, խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Ես բարձր գնահատանքս եւ շնորհաւորութիւններս կը փոխանցեմ Նազարեան վարժարանի մեծ ընտանիքին, այս գեղեցիկ առիթով: Միաժամանակ կ՛ուզեմ ընդգծել, թէ Լիբանանի դժուար, բայց  եւ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներուն համար փաստօրէն կենսական դերին եւ կարիքներուն հասկացողութենէն մեկնելով` մեր դպրոցներուն վերապահուած է չափազանց կարեւոր եւ պատասխանատու դեր` նոր սերունդին ջամբելու ընտանեկան, ընկերային եւ բարոյական բարձր արժէքներ, միաժամանակ անոնց մէջ մշակելով ինքնավստահութիւն եւ բարձրին ձգտում, նաեւ հաւատք, թէ իրենք կրնան յաղթահարել իրենց շրջապատի ներկայ իրականութեան պատուարները եւ հասնիլ բարձրագոյն յաջողութիւններու»:

Իր խօսքէն ետք Արթուն Համալեան ընթերցեց ՀԲԸ Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրը, որուն մէջ դիտել տուած էր, թէ Նազարեան վարժարանի հիմնադրութեան կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է ըմբռնել անոր ստեղծման ժամանակաշրջանի պայմանները, նշելով, որ անոր նպատակը եղած է կառչիլ ազգային անշեղ եւ քաջարի կողմնորոշումին:

«Ի պատիւ Նազարեան ընտանիքին, Լեւոն եւ Սաթենիկ Նազարեաններու արժանաւոր զաւակներ` Կարպիս, Նուպար, Մարի եւ Նազար Նազարեանները իրենց բարերարութեամբ եւ հոգատարութեամբ իրականացուցին իրենց ծնողներուն տեսիլքը եւ փափաքը», եզրափակեց Պ. Սեդրակեան:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ 50-ամեակը խորհրդանշող կարկանդակի հատում` մասնակցութեամբ Նազարեան ընտանիքի ներկայացուցիչներու եւ ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի պատասխանատուներու:

50-ամեակի յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան բարերարներ` Կարպիս, Նուպար եւ Նազար Նազարեաններու զաւակներ ու շառաւիղներ: Յուշանուէրները, որոնք  գործն էին լիբանանահայ քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի յանձնուեցան` Լեւոն Նազարեանին, Վերա Նազարեան-Սեդրակեանին եւ Լարա Սեդրակեանին:

Յետ պարգեւատրման խանդավառող արարողութեան, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ բարերար Կարպիս Նազարեանի որդին` Լեւոն Նազարեանը: Ան հանգամանօրէն ըսաւ.

«Այսօր ուրախ ենք, որովհետեւ մեր մեծ հօր` Լեւոն Կ. Նազարեանին ունեցած երազին արդիւնքով կեանքի կոչուած Նազարեան վարժարանը այսօր դարձած է 50 տարեկան եւ անցնող 50 տարիներուն ընթացքին ան տուած է իրմէ սպասուած բարի պտուղները` շնորհիւ այդ վարժարանի շէնութեան համար աշխատած պատասխանատուներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն եւ անոնց գործին վստահած մեր յարգելի ծնողներուն:

«Ուրախ ենք, որ 50 յիսուն գարուններ տեսած այս վարժարանը մինչեւ օրս առանց վարանումի կը շարունակէ իր նուիրական ճանապարհը, որուն դռնէն ներս ամէն օր ուրախ-զուարթ կը մտնեն տասնեակներով հայ աշակերտներ, որպէսզի անոնք սիրով սորվին մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը եւ ստանան ուսում ու գիտութիւն»:

Ապա Լեւոն Նազարեան աւելցուց.

 «Օգտագործելով առիթը` ըսեմ, որ այս կրթական օճախը, ճիշդ է, կը կոչուի Նազարեան վարժարան, սակայն ան իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն դադրած է մերը ըլլալէ եւ կը պատկանի մեր ժողովուրդին, մեր ազգի զաւակներուն, այս պարագային` մեր բոլորին սիրելի ու յարգելի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, որ իր կարգին 50 տարիներէ ի վեր իսկական մօր մը նման կը գուրգուրայ ու կը խնամէ այս վարժարանը` զայն մինչեւ հիմա պահելով` մեղուի ժրաջան փեթակի մը նման»:

Նազարեանի շնորհակալական խօսքէն ետք իր սրտի խօսքը փոխանցեց բարերար Նուպար Նազարեանի թոռ, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ եւ Վերա Սեդրակեաններու դուստր` Լարա Նազարեանը:

Հայաշունչ ու մտերմիկ երեկոյին ընթացքին կատարուեցան նաեւ բազմաթիւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որպէսզի կրթական այս սուրբ յարկը շարունակէ՛ իր հայաբոյր կրթանուէր ճանապարհը, որուն սկսած է կէս դար առաջ` հասցնելով բազմահարիւր շրջանաւարտներ:

 

Share this Article
CATEGORIES