Մայիսեան Տօնակատարութիւնը Առաւել Բարձրացուց Հալէպահայութեան Ազգային Ոգին

Հալէպ քաղաքին ապրած դժուարին ու ծանր պայմաններուն մէջ հալէպահայութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան 95-ամեակը:

Կիրակի, 26 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հալէպահայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման տօնը` Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած:

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը: Ներկայ էին հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետն ու հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդին ներկայացուցիչը, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:

Հանդիսութիւնը սկսաւ, երբ բեմավարուհին հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա բեմը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով` կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Յարութիւնեան, որ գլխաւորաբար շեշտեց, թէ այսօր սուրիահայութեան ապրած ծանր օրերուն, անոր դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները յաղթահարելով, այսօր եկած է տօնակատարելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան` Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, «Սարդարապատ» պարախումբը, ապա Մարիա Սարգիսեան, Վարդենի Խուտեցեան, Գօգօ Գատեհճեան եւ Եփրեմ Մելքոնեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեցին օրուան հետ առնչուած բանաստեղծութիւն մը:

Ապա բեմ բարձրացաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանը` փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: Ան առաջին հերթին ցնծութեամբ, ներքին հզօր կամքով եւ խանդավառութեամբ ողջունեց ժողովուրդին խուռներամ ներկայութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առթիւ:

Սրբազան հայրը ոգեւորիչ եւ զգայացունց ձեւով ոգեւորեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ո՛չ տկարութեան, ո՛չ ընկրկումին. մեծնալու ատակ ժողովուրդ է հայ ժողովուրդը, պայքարունակ ոգիով ժողովուրդ է հայ ժողովուրդը, յաղթանակը կը կերտուի հերոս ժողովուրդով: Արցունքները սրբեցէք, ցնծութեամբ նայեցէք մեր երիտասարդներուն, նոր յաղթանակներ պիտի կերտենք»: Սրբազանի խօսքը մերթ ընդ մերթ կ՛ընդհատուէր ծափահարութիւններով:

Սրբազանը մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն յիշատակը անմահացած տեսաւ անոնց յիշատակը յարգողներուն անձին մէջ: Սրբազանը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ մայիս 28-ը սովորական դէպք մը չէ եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ ձեռք ձգուած յաղթանակի մը նշումը: Մայիս 28-ը ոգի մըն է, որ իր մէջ կը խտացնէ մեր ժողովուրդին հաւաքական հաւատքը, վճռակամութիւնը եւ յանձնառութիւնը` ի խնդիր հայրենիքի անկախութեան ու մեր ժողովուրդի գերագոյն արժէքներու կենսագործման:

Սրբազանի խօսքէն ետք յաջորդաբար ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ` Յակոբ Մկրտիչեան, Գօգօ Մարգէեան եւ Գօգօ Թիւթիւնճեան «ՍՊԻՏԱԿ» նուագախումբին ընկերակցութեամբ, խանդավառելով ներկաները:

Նշենք, որ տօնակատարութիւնը վարեց Դալար Լիպարեանը. ան իր բարձր կարողութեամբ եւ սահուն հայերէնով, ինչպէս նաեւ բեմականացումով եւ արտասանական ոճով ներկայացուց ամբողջ երկու ժամ տեւողութեամբ ձեռնարկը` հմայելով ներկաները:

Հակառակ գաղութին մէջ տիրող անբարենպաստ պայմաններուն, հալէպահայութիւնը ընդհանրապէս եւ երիտասարդութիւնը յատկապէս խուռներամ ներկայ եղան լաւապէս կազմակերպուած մայիսեան տօնակատարութեան, իսկ մեծ թիւով երիտասարդութիւն չկարենալով սրահին մէջ տեղ գտնել, հանդիսութեան հետեւեցաւ միջանցքներէն:

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով:

Share this Article
CATEGORIES