ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Գարնանային Ցուցահանդէս-Վաճառք Եւ Վիճակահանութիւն
25 մայիս 2013-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած առաջին «Գարնանային բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի աւելի քան քառասուն մասնաճիւղեր: Ցուցահանդէսին նպատակն էր մէկտեղել ու ցուցադրել Հայաստանի տարբեր մարզերուն բնորոշ կերակրատեսակներ, հայ մշակոյթը ներկայացնող ձեռագործներ, զարդեր, խեցեգործութեան նմուշներ:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիայէն եւ Իրանէն ՀՕՄ-ի անդամներ, որոնք ներկայացուցին իրենց բնակավայրերուն յատուկ ճաշատեսակներ, համեմներ ու անուշեղէններ:
Ցուցահանդէս-վաճառքի աւարտին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին կողմէ կազմակերպուած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր այս տարողութեամբ:
Նախորդ քանի մը ամիսներուն վիճակահանութեան տոմսեր վաճառուած էին թէ՛ Հայաստանի բոլոր մարզերուն, թէ՛ արտերկրի զանազան շրջաններու մէջ: Վիճակաձգութեան արդիւնքով ոսկեայ զարդեր շահեցան Հայաստանէն երեք ու Քանատայէն երկու անձնաւորութիւններ:
Ցուցահանդէս-վաճառքի եւ վիճակահանութեան ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորի աշխատանքներուն:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

