Քուէյթահայութիւնը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակի 95-ամեակը
ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՊՈՅԵԱՆ
Մայիս 28-ի հանդիսութեան Քուէյթի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Մովենփիք պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-խրախճանք, որ իրականացաւ յանձնախումբին եռամսեայ հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքով:
Այս օրը իսկական յաղթանակի օր էր: 400 ներկաներու մասնակցութիւնը այդ մասին կը վկայէր: Սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր եռագոյն դրօշակներով, հանրապետութեան զինանշաններով, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակներով:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի: Հանդիսութեան պատուոյ նախագահն էր Կիրակոս Տարագճեան, իսկ օրուան բանախօսը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան:
Պաշտօնական բացումէն առաջ յանձնախումբին անդամները իւրաքանչիւր ընտանիքի նուիրեցին յատուկ այս առիթով պատրաստուած գեղեցիկ թղթապանակներ, իսկ ներկաներուն կուրծքերը զարդարեցին օրուան խորհուրդը ներկայացնող զարդասեղներով եւ եռագոյն ժապաւէններով:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը սկսաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով. օրուան հանդիսավարներն էին` Նուարդ Եաղլըճեան եւ Յակոբ Էմրազեան:
Քուէյթի եւ Հայաստանի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, շրջանի ՀՅԴ Պատասխանատու կազմի ներկայացուցիչ Յակոբ Պետիրեան ջերմօրէն ողջունեց ներկաները այս պատմական տօնակատարութեան իրենց ներկայութեան համար: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ մայիս 28-ի տեղն ու դերը հայոց պատմութեան փառապանծ էջերու կերտման ու ժողովուրդի մը ճակատագրի տնօրինման առումով. «Ամէն ժողովուրդ իր երկարամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած է հերոսական զանազան դրուագներ, որոնցմով կը հպարտանայ, սակայն կան այնպիսի պատմական հերոսութիւններ, որոնք համազօր են հրաշքի: 1918-ի մայիս 28-ին հայ ժողովուրդին յաղթանակը կարելի է համարել այդ հրաշքներէն մէկը: Սարդարապատի մայիսեան հրաշքը տասնամեակներ շարունակ ներշնչած է ողջ հայ ժողովուրդը, որ կարողացաւ միահամուռ ճիգերով, կերտել մայիսեան երկրորդ հրաշքը` 1992-ին, Շուշիի ազատագրումով»: Ապա ներկայացուցիչը իր շնորհակալական խօսքերը փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք զանազան միջոցներով օժանդակած էին ձեռնարկին յաջողութեան:
Ներկայացուցիչի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսութեան նախագահ` Կիրակոս Տարագճեան եւ յատուկ արարողակարգով նախագահին կուրծքը զարդարուեցաւ ոսկեձոյլ կրծքանշանով` որպէս խորհրդանիշ երախտագիտութեան:
Այնուհետեւ ներկաներուն ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մեդիա» կայանին կողմէ պատրաստուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը թեմայով խտասալիկը:
Խօսք տրուեցաւ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանին: Ան իր տպաւորիչ եւ ոգեշունչ ելոյթով նախ շնորհաւորեց ներկաները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակին առիթով, ապա իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անկախութեան տուած դասերուն, որոնք պէտք է սերտենք ազգովին եւ տէրը կանգնինք մեր պատմութեան, մեր ճակատագրին. «Հայաստանի Հանրապետութեան տուած դասերից մէկը ազգային միասնութեան դասն է: Մենք միշտ պարտուել ենք, երբ համախումբ չենք եղել, երբ թշնամիները կարողացել են պառակտել մեր շարքերը: Մենք միշտ յաղթել ենք, երբ մի կամք ու մի բռունցք ենք եղել: Վկայ` Վարդանանց կռիւը, վկայ` արցախեան ազատամարտը: 1918 թուականի մայիսին կենաց եւ մահու կռիւ էին ելել բոլոր հայորդիները: Կուսակցական պատկանելիութիւն եւ քաղաքական մտածելակերպ մի կողմ թողած` նրանք միասին էին նահատակւում կամ` միասին յաղթում: Միասին էին դաշնակցականն ու ապագայ պոլշեւիկը, հնչակն ու ռամկավարը, անկուսակցականը եւ հոգեւորականը: Բոլորը ոտքի վրայ էին` իրենց ժողովուրդի առջեւ մեծ պատասխանատուութեամբ եւ պարտքի մեծ գիտակցումով: Այսօր էլ հայ ժողովուրդին օդի եւ ջրի պէս միասնութիւն է պէտք, ինչպէս` այն օրերին: Աւելին է պէտք: Սարդարապատի կռւում մենք մենակ էինք եւ մենակ ջարդ տուինք թշնամուն: Եւ յաղթեցինք մեր միասնութեամբ: Արցախեան կռւում մի բռունցք դարձանք, պահպանեցինք մեր զաւակների անդորրը:
«Անկախութեան յաջորդ դասը սեփական ուժերին ապաւինելու դասն է: Երկար դարեր մեր ժողովուրդը իր փրկութիւնը սպասում էր հեռու կամ մօտիկ տէրութիւններից: Դա մեր ազգային ողբերգութիւնների պատճառներից մէկն է եղել, որ ջլատել է հայ մարդու հաւատն իր ուժերի նկատմամբ»:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 95-ամեակի պատգամը փոխանցեց հիւր-բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, որ իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ մայիս 28-ի արժէքը, հայութեան պայքարելու եւ յաղթանակներ կերտելու երթը, որ հինէն կու գայ եւ դէպի ապագայ կ՛երկարի. «Այսօր հայոց ուժը մեր հզօր պետականութիւնն է»: Ան յոյս յայտնեց, թէ «ազգովին մէկ բռունցք դառնալով` անպայմանօրէն պիտի նպաստենք հայոց պետականութեան հզօրացման եւ անկասկած, վաղ թէ ուշ, մենք պիտի ունենանք հզօր հայրենիք եւ աննման ժողովուրդ», ապա խօսքը ուղղելով հայոց բանակին` նշեց, թէ հայկական բանակը այսօր ամենաարդար բանակն է, քանի որ գործեր է ո՛չ թէ տարածքներ գրաւելու, այլ մեզմէ խլուածը վերադարձնելու. «Բազում կրակներու ու աւերներու միջով անցած զինուորի սխրանքը ուսանելի է գալիք սերունդներու համար, որովհետեւ անոնց վիճակուած է բազմապատկելու մեր բոլոր յաղթանակները: Մենք կը հաւատանք, որ հայ զինուորը միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր ազգին եւ հայրենիքին»:
Գեղարուեստական պաշտօնական յայտագիրէն ետք երեկոն խանդավառեցին հալէպահայ սիրուած երգիչ Յովսէփն ու իր նուագախումբը` վայելքի անմոռանալի ժամեր պարգեւելով ներկաներուն:
Ճոխ եւ մտերմիկ մթնոլորտէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրում` գաղութին մէջ գործող բոլոր մարմիններուն եւ միութիւններուն վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ` շարք մը գործակիցներուն, որոնք իրենց անշահախնդիր ծառայասիրութեամբ դաստիարակելի օրինակներ հանդիսացած են մեր մէջ աճող ու հասակ նետող նոր սերունդներուն: Այնուհետեւ պարգեւատրուողները միասնաբար հատեցին մայիս 28-ի 95-ամեակի տարեդարձին առիթով պատրաստուած կարկանդակը:
Առաւօտեան վաղ ժամերուն երգիչ Յովսէփը, կրկին անգամ բեմ բարձրանալով, ներկայացուց յեղափոխական երգերու շարան մը: Քուէյթահայ կեանքի պատմութեան մէջ ստեղծուած այս հայաշունչ, գեղեցիկ եւ մտերմիկ երեկոյի ընթացքին կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ առաւօտեան ժամը 4:00-ին յոտնկայս, «Արիւնոտ դրօշ» երգով, հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:

