«Սարդարապատով Վերածնուած Հայրենիք»
Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, որոնց բուն մեկնակէտ-յաղթանակն է Սարդարապատը, ուր վճռուեցաւ հայութեան լինելութեան գերխնդիրը: Այդ յաղթանակը վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու էր կոչուած դասախօսական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նիկոսիոյ Ազգային առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ: Երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ նախագահութիւնը` պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երեկոյի կազմակերպիչ Հրայր Ճէպէճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, վեր առաւ Սարդարապատի մահու կենաց իրադրութիւնը, որ խտացած է «Սարդարապատ» երգի առաջին տողին մէջ` «Երբ չի մնում ելք ու ճար», եւ ընդհանրացուց այդ իրադրութիւնը ներկայի հայ իրականութեան վրայ, ուր մեր հիմնահարցերուն շուրջ անհրաժեշտ համարեց գոյացնել հաւաքական զգաստութիւն: Ապա ան ներկայացուց օրուան բանախօսը, Քանատայէն յատկապէս հրաւիրուած, Քանատայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Միհրան Ճիզմեճեանը: Նմանապէս, ան ներկայացուց` Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած, լիբանանահայ յայտնի ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը:
Նախքան դասախօսութիւնը` երեկոյի առաջին փայլը տուաւ Ալիք Ճէպէճեան, որ անդամ է Կիպրոսի Երիտասարդական սիմֆոնիք նուագախումբին: Ան սրինգի վրայ հմտօրէն նուագեց հայկական մեղեդիներ, որոնցմէ` «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն, «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»-ն, արժանանալով ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:
Միհրան Ճիզմեճեան իր դասախօսութիւնը սկսաւ վեր առնելով Սարդարապատի բուն նշանակութիւնը մեր պատմութեան համար, նշելով, որ Սարդարապատը դարձաւ դարձակէտային քսաներորդ դարու մեր պատմութեան համար եւ հաւանական նկատեց, որ մենք ունենանք պետականութիւն, չդառնանք անհայրենիք ժողովուրդ, ինչպիսին են, օրինակ, քիւրտերը, որոնք ցարդ կ՛աշխատին ստեղծել իրենց Քիւրտիստանը: Ան մանրամասն կերպով ներկայացուց Սարդարապատը նախորդող աշխարհաքաղաքական իրադրութիւնը` շեշտելով, որ թուրքերուն բուն նպատակն էր Արեւելահայաստանը եւս գրաւել եւ իրականացնել իրենց համաթուրանական ծրագիրը:
Հայ ժողովուրդին տարած հերոսական յաղթանակները երեք ճակատներու վրայ ալ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի, ան վերագրեց երեք կարեւորագոյն գործօններու: Առաջինը ան համարեց մեր ռազմական հրամանատարներու` զօրավար Անդրանիկի, Դրոյի, զօրավարներ` Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի կռուելու եւ յաղթելու վճռակամութիւնը: Երկրորդը` հայ հոգեւոր դասի ոգեշունչ մասնակցութիւնը, յատկապէս` Գարեգին եպս. Յովսէփեանցի, որ որպէս նոր օրերու Ղեւոնդ Երէց` ժողովուրդը ոգեշնչեց մահու կենաց մարտի: Երրորդը` մեր ժողովուրդը, ի՛նքը, որ մէկդի դրած իր յարանուանական, քաղաքական եւ ընկերային տարբերութիւնները, ձեռք-ձեռքի տուած, կռուեցաւ պաշտպանելու իր պատմական հայրենիքէն մնացած վերջին բուռ մը հողը` անգամ մը եւս ապացուցելով չարենցեան պատգամին ճշմարտացիութիւնը` «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»: Կարեւոր գործօն նկատեց նաեւ այն էական հանգամանքը, որ նման օրհասական պահուն, ժողովուրդը` բուռն հաւատքով եւ վճռակամութեամբ զինուած, գերազանցեց ինքզինք, եւ կրցաւ դիմագրաւել եռապատիկ թիւով եւ զէնք ու զինամթերքով զինուած թշնամին:
Յարգելի դասախօսը ընդգծեց այն կարեւոր իրականութիւնը, որ ներկայիս ունինք վերանկախացած հայրենիք, որ մեզի անարիւն հրամցուեցաւ 1991-ին, եւ է մեր ամէնէն ամուր գրաւականն ու երաշխիքը, հայ լինելութեան ու զարգացման, մեր մեծ երազի` Միացեալ Հայաստանի իրականացման: Ան նաեւ շեշտեց էական կարեւորութիւնը` դէմ դնելու սպիտակ եղեռնի սպառնալիքին, հայ սերունդները կապելով մեր ազգային մշակոյթին, զայն կրող կառոյցներուն` հայ ընտանիքին, դպրոցին, եկեղեցիին, մամուլին…
Այս բովանդակալից խօսքէն ետք սարդարապատեան ոգին ու շունչը իր բոցաշունչ ասմունքով ներկաներուն փոխանցեց Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան` գեղեցկօրէն համադրած ըլլալով իր հրամցուցած հայ բանաստեղծութեան փունջը` Ժաք Յակոբեանի, Խաչիկ Տէտէեանի, Համօ Սահեանի, Վահագն Դաւթեանի, Գէորգ Էմինի քերթողութենէն քաղուած բանաստեղծութեանց ընտիր ծաղկաքաղով մը: Խոր հասկացողութեամբ, հարազատ ապրումով եւ յստակ առոգանութեամբ կատարուած այս հիասքանչ ասմունքը ներշնչեց եւ յուզեց ներկաները ազգային-հայրենասիրական վառ ապրումներով եւ յոյզերով:
Իր փակման խօսքին մէջ Վարուժան արք. Հերկելեան բարձր գնահատեց օրուան բանախօսն ու ասմունքողը եւ դիպուկ կերպով մատնանշեց, որ ներկայիս, երբ Հայաստան անկախացած է եւ ա՛լ չկան երկաթէ եւ այլ տեսակի վարագոյրներ, Հայաստանէն արտագաղթը թափ կ՛առնէ աղէտալիօրէն, մինչ սփիւռքի մէջ ալ կը նահանջեն հայ ազգային գիտակցութիւնն ու ոգին, շեշտելով, որ մենք կրնանք հասնիլ մեր Երազին` Միացեալ Հայաստանին, եթէ վառ պահենք այն ՈԳԻՆ, որ իր ասմունքով կրցեր էր մեզի փոխանցել Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանը: Հուսկ ան պարգեւատրեց զայն կիլիկեան յատուկ շքանշանով` առ ի գնահատանք իր ասմունքային առաքելութեան:
Իմաստալից այս երեկոն վերջ գտաւ միասնաբար երգուած «Սարդարապատ» ոգեշունչ երգով եւ պահպանիչով:

