Մոնաքօ Հետաքրքրուած Արազ Օզպիլիսով

Մէջբերելով bobsoccer կայքէջին հրապարակած մէկ լուրը` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Քուպան Կրասնոտարի միջնապահ Արազ Օզպիլիսով հետաքրքրուած է նաեւ Մոնաքօ, որ այս տարեշրջանին աւարտին Ա. դասակարգէն բարձրացաւ «Լիկ-1»:

«Եթէ անցեալին Արազ Օզպիլիսով հետաքրքրուած էր Սպարտակ Մոսկուա, այժմ հայազգի ֆութպոլիստը կրնայ տեղափոխուիլ Մոնաքօ: Ըստ տարաձայնութիւններուն, անոր փոխանցումը ֆրանսական կազմին կրնայ արժել 27 միլիոն եւրօ, որ բաւարար կը թուի ըլլալ Քուպանի համար», կը յայտնէ bobsoccer կայքէջը:

2012-ին Քուպանի միացած Օզպիլիս անոր հետ 22 մրցումի ընթացքին նշանակեց 9 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES