Ուքրանացի Լրագրողները Հենրիխ Մխիթարեանը Ճանչցան Իբրեւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուքրանացի լրագրողներուն կողմղ ճանչցուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ»-ի համաձայն, ուքրանական sport-arena շաբաթաթերթին կատարած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, 2012-2013 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Հենրիխ Մխիթարեան:
Քուէարկութեան մասնակցած լրագրողներէն 62-ը իրենց ձայները տուած են Մխիթարեանին: 11-ը անոր տուած են երկրորդ դիրքը, իսկ 7-ն` երրորդ դիրքը:
Հայազգի ֆութպոլիստը լաւագոյնը ճանչցուած էր նաեւ այլ կայքերու եւ պարբերաթերթերու քուէարկութեան արդիւնքներով:
Նշենք, որ Մխիթարեան 2002-ին ընտրուեցաւ Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Մխիթարեան Պիտի Փոխանցուի Լիվըրփուլ
Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբը ուքրանական Շախտիոր Տոնեցքի հետ համաձայնութեան յանգեցաւ Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման մասին: Ուքրանական ակումբը պիտի ստանայ 22 միլիոն փաունտ` Մխիթարեանի փոխանցման դիմաց:
Հակառակ անոր որ տակաւին այս լուրը չէ պաշտօնականացած, սակայն Մխիթարեանի փոխանցման պայմանագիրը կը թուի մօտ ըլլալ:

