«Կ՛ուզեմ Օգնել Մեսսիին, Որ Մնայ Լաւագոյնը» Ըսաւ Նէյմար

Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ շաբաթասկիզբին Պարսելոնա ժամանելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան խումբին հետ, ըսաւ, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ, որ օգտակար դառնայ Լիոնել Մեսսիին, որպէսզի ան շարունակէ մնալ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը:

21 տարեկան Նէյմար բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք մինչեւ յունիս 2018 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսայի հետ:

«Պարսա ակումբէ մը աւելին է եւ ունի սքանչելի խումբ մը: Կ՛ուզեմ օգնել Մեսսիին, որպէսզի ան տարիներ շարունակ մնայ լաւագոյնը: Պարսելոնայի անուանի մարզիկներուն հետ, որոնց մասին կը հիանայի, երբ փոքր էի, դաշտ ներկայանալը արդէն իսկ մեծ պատիւ մըն է: Երբեք չեմ փափաքիր «Պալոն Տ՛որ»-ի տիտղոսին տիրանալ: Կ՛ուզեմ յաջողութիւն ձեռք ձգել խումբին հետ», ըսաւ Նէյմար:

Նշենք, որ Նէյմարի փոխանցումը Պարսելոնային արժեց 57 միլիոն եւրօ:

Հակառակ անոր որ Պարսելոնա, 40 միլիոն եւրոյէն աւելի չէր ուզեր վճարել, սակայն Ռէալ Մատրիտի եւ այլ ակումբներու Նէյմարով հետաքրքրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անոր գինը բարձրանայ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES