50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 24 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՔԵՐՄԷՍԸ

Շաբաթ, 13 եւ կիրակի 14 մայիսին, կայացաւ Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի առաջին տարեկան քերմէսը` բարձր հովանաւորութեամբ վարչական վերակազմութեան նախարար մեթր Խաչիկ Պապիկեանի եւ պատրիարքական ընդհ. փոխանորդ, Սահակ եպս. Կոգեանի նախագահութեամբ:

Շնորհիւ զայն կազմակերպող Կեդրոնական  յանձնախումբի անդամներու տքնաջան աշխատանքին, տիկիններու եւ օրիորդներու ժրաջան հոյլին, քերմէսը շատ յաջող անցաւ: Ամէն ինչ անթերի էր: Ճոխ պիւֆէ, համադամ կերակուրներ, բազմապիսի խաղալիքներ, եւ զովացուցիչներու անվերջ շարան մը ի սպաս դրուած էին հիւրերու:

Ամէնուրեք կը տիրէր հայկական շէնշող ոգին: Ծնողներ, բարեկամներ եկած էին զուարճանալու եւ հաճելի ժամանց մը անցընելու:

Յաջորդաբար այցելեցինք յայտնի բաղդագուշակ Անտրոմեքսին: Մեր դիմանկարը ունեցանք մէկ վայրկեանի մէջ, շնորհիւ Ապտալլա Շալհուպին: Լուսանկարուեցանք Ալպա Աննայի մօտ եւ ներկայ գտնուեցանք լիբանանեան հեռատեսիլէն քաջածանօթ Ռընէ Թարապոյի Խամաճիկներու ցուցադրութեան:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ նաեւ փոքրիկներու գեղեցկութեան թեկնածուներու անցքը, որ ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ ներկաներուն կողմէ:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Վասպուրականի հայրենակցական միութեան պարախումբը, որ գեղեցիկ յայտագրով մը ներկաներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց:

Քերմէսը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր, մինչ այդ երկսեռ զոյգեր կը փութային Կարտըն Սիթի` մասնակցելու համար պարահանդէսին: Հոն ալ շուտով ստեղծուեցաւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ մը: Պարահանդէսը տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը երեքը:

Ջերմապէս կը շնորհաւորենք Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնն ու քերմէսի կեդրոնական յանձնախումբը, այս եզակի յաջողութեան համար:

Բաղձալի է որ նման ձեռնարկներ կրկնուին յառաջիկայ տարիներ եւս:

Յ. Մ.

 

ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Պէյրութի ոսկերիչ գործաւորներու սենտիքայի վարչութիւնը հաճոյքն ունեցաւ իր գրասենեակին մէջ ընդունելու այցելութիւնը աշխարհահռչակ երգահան եւ խմբավար Արամ Խաչատուրեանի:

Արդարեւ, 18 մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Արամ Խաչատուրեան երբ հայ ոսկերիչ գործաւորներու ստուար բազմութեան մը կողմէ խանդավառ ծափերով դիմաւորուեցաւ, չափազանց յուզուած անմիջապէս հարց տուաւ զինք հիւրընկալող վարչութեան նախագահին ու ըսաւ.

«Ասոնք բոլորն ալ հա՞յ են…»:

Վարչութեան նախագահ Յ. Սիւաճեան անմիջապէս պատասխանեց.

«Մեր 2000-ի մօտ գործաւորներու մեծամասնութիւնը հայեր են եւ լաւ արհեստաւորներ, որոնք այս երկրին մէջ պահած են իրենց հայու նկարագիրն ու ազգային սրբութիւնները:

«Ուրախ ենք նաեւ, որ դուք ալ 40 տարի Հայաստանէն դուրս ապրելով հանդերձ, որպէս հայ եւ տաղանդաւոր երգահան, կը պանծացնէք հայ անունը աշխարհի երաժշտական երկնակամարին վրայ:

«Ձեզի բարի գալուստ մաղթելով` բոլոր ոսկերիչ գործաւորներու անունով, կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ»:

Յարգելի հիւրը մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց.

«Շատ ուրախ կը զգամ ինքզինքս ոսկերիչ հայ գործաւորներով շրջապատուած ըլլալուս: Դուք, հայ երիտասարդներ, որոնք ունիք հայու արիւնը»:

Յարգելի հիւրը փափաք յայտնեց լուսանկարուիլ  զինք շրջապատող գործաւորներուն հետ:

Լուսանկարուելէ ետք, երկարատեւ ծափերու արժանանալով յարգելի հիւրը յուզուած հրաժեշտ առաւ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES