ԲԺՇԿԱԳԻՏԱԿԱՆ. ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՅԻՇԵԼ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԻՆ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ
Մայիսի սկիզբը Քանատայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ մանուկները կրնան յիշել իրենց կեանքին սկզբնական հանգրուաններուն պատահած դէպքերը, սակայն ատեն մը ետք անոնք կը մոռնան այդ դէպքերուն մեծ մասը:
Այսուհանդերձ, քանատացի մասնագէտներ յայտնած են, թէ մանուկները կրնան յիշել երկու տարեկանէն ալ առաջ պատահած դէպքերը:
Ծանօթ է արդէն, որ չափահասները սովորաբար կը յիշեն երեք եւ կամ չորս տարեկանէն անդին տեղի ունեցած դէպքերը եւ հազուադէպօրէն կը պատահի, որ անոնք կարենան յիշել նշեալ տարիքէն առաջ եղած բաները:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են 4-13 տարեկան հարիւր մանուկ, իւրաքանչիւրին հետ առանձնաբար հանդիպած են եւ հարցազրոյցի միջոցով իրենց մօտ արձանագրած են երեք դէպքեր, որոնք պատահած են իւրաքանչիւրին կեանքին սկզբնական հանգրուանին:
Մասնագէտները նկատած են, թէ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած համեմատաբար տարիքով փոքր մանուկները կրցած են մտաբերել մինչեւ տասնութ ամսու եղած ատեն պատահած դէպքերու որոշ մանրամասնութիւններ: Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մանուկներուն, անոնք եւս բաւական մանրամասնօրէն յիշած են իրենց կեանքին սկզբնական հանգրուաններուն պատահած դէպքեր, սակայն ո՛չ իրենցմէ փոքր եղող մանուկներուն նման շատ կանուխ (տասնութ ամսու եղած ատեն) պատահած դէպքերը:
Մինչ այդ, մասնագէտները հարցաքննած են նաեւ նշեալ մանուկներուն ծնողները` այս վերջիններէն ստուգելու համար տարբեր դէպքերու մասին իրենց զաւակներուն տուած տեղեկութիւններուն ճշգրտութեան տարողութիւնը:
Երբ մասնագէտները նշեալ հարիւր մանուկները հարցաքննած են երկու տարի ետք, նկատած են, թէ անոնց կեանքին սկզբնական հանգրուանին պատահած դէպքերուն մեծ մասը արդէն իսկ անհետացած է անոնց յիշողութենէն:
Մասնագէտները նշեալ հարցաքննութեան մէջ եւս մանուկներէն պահանջած են յիշել երեք դէպքեր, որոնք պատահած են իրենց կեանքին սկզբնական հանգրուանին: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ համեմատաբար տարիքով փոքր մանուկները յիշած են դէպքեր, որոնք տարբեր եղած են երկու տարի առաջ իրենց նշած դէպքերէն: Անոնք չեն յիշած երկու տարի առաջ իրենց պատմած դէպքերը, նոյնիսկ երբ մասնագէտները իրենց մօտ պահած արձանագրութիւնները օգտագործելով` փորձած են յիշեցնել անոնց այդ դէպքերուն մանրամասնութիւնները:
ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ՁԵՒԻ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄ
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող քանատացի մասնագէտ տոքթ. Քարոլ Փիթըրսըն տարօրինակ գտած է այն երեւոյթը, թէ երբ փորձարկումը կատարող մասնագէտները բառացիօրէն կրկնած են երկու տարի առաջ նոյնինքն այդ մանուկներուն պատմած դէպքերը, այս վերջինները պատասխանած են. «Ո՛չ, այդպիսի բան երբեք չէ պատահած ինծի…»:
Նախապէս Վրաստանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ մարդոց սկզբնական յիշողութիւնը կրնայ տարբեր ձեւով դրսեւորուիլ հետագային անոնց մտքին մէջ կուտակուած յիշողութեան մէջ: Ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող մասնագէտ տոքթ. Փաթրիսիա Պաուըր ըսած է, թէ նշեալ երեւոյթը կը բացատրէ սկզբնական յիշողութեան հետզհետէ անհետացման պատճառը:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները անհրաժեշտ գտած են կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` հասկնալու համար, թէ ինչո՛ւ մանկութեան պատահած դէպքերուն մեծ մասը կը մոռցուի տարիքի յառաջացումով:
ՍՈՒՐՃԸ ՈՒՆԻ ԿՈՒՐԾՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ
ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԸ ԿԱՍԵՑՆՈՂ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ
Ապրիլի վերջաւորութեան Շուէտի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ օրական չափաւոր տարողութենէն քիչ մը աւելի սուրճ խմող կիներուն մօտ կրնայ ուշագրաւ կերպով նուազիլ կուրծքի քաղցկեղի տեսակի մը յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
Նշեալ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած վեց հազար կիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ օրական աւելի քան հինգ գաւաթ սուրճ խմող կիներուն մօտ յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ նուազած է քաղցկեղի տեսակի մը յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, քաղցկեղի մասնագէտներ ըսած են, թէ նման արդիւնքներ բաւարար չեն` ապացուցելու համար կուրծքի քաղցկեղի տուեալ տեսակին կասեցման գործընթացին վրայ սուրճին ունեցած ազդեցութիւնը եւ յանձնարարած են, որ կիներ, մեծ քանակութեամբ սուրճ խմելու փոխարէն, կեդրոնանան առողջ ապրելակերպ ունենալու առնչուած միջոցներու վրայ:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան սկզբնական արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ սուրճը կրնայ նուազեցնել կուրծքի քաղցկեղի այնպիսի՛ տեսակի մը յառաջացման վտանգին տարողութիւնը, որ յաճախ չ՛ազդուիր դեղահատերով տրուած դարմանումներէն եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ մեծ տարողութեամբ տրուող քիմիաբուժութեան, որ սակայն, միշտ ալ կրնայ արդիւնաւէտ չըլլալ:
ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄՆԵՐ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ…
Մասնագէտները յատուկ հարցաթերթիկներու միջոցով նպատակ ունեցած են գիտնալ ուսումնասիրութեան մասնակցող կիներուն ապրելակերպին առնչուած մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ` օրական անոնց խմած սուրճին քանակին մասին: Նշեալ կիներուն կէսը առողջ եղած է, իսկ միւս կէսը` տարբեր տեսակի կուրծքի քաղցկեղներէ տառապող:
Նշեալ հարցաթերթիկներէն ձեռք ձգուած տուեալները որոշ կապ մը ցոյց տուած են համեմատաբար մեծ տարողութեամբ խմուած սուրճին ու կուրծքի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութեան նուազեցման միջեւ:
Ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` փրոֆ. Փեր Հալ ըսած է, որ տակաւին յստակ չէ, թէ սուրճին ճիշդ ո՛ր բաղկացուցիչը եւ կամ բաղկացուցիչները ազդած են արագօրէն տարածուող տեսակի կուրծքի քաղցկեղին յառաջացումը կասեցնող գործընթացին վրայ:
Փրոֆ. Հալ նշած է նաեւ, թէ սուրճը ունի տարբեր տեսակի բաղկացուցիչներ, որոնցմէ մաս մը ծանօթ են մարդկային մարմնին վրայ իրենց ունեցած տարբեր օգտակարութիւններով:
Մասնագէտները անհրաժեշտ գտած են կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` նախքան վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները վերջնականացնելը: Մինչ այդ, սակայն, անոնք չեն յանձնարարած, որ կիներ աւելցնեն օրական իրենց խմած սուրճին քանակը` նկատի ունենալով, որ ոմանց պարագային օրական հինգ գաւաթ եւ կամ աւելի խմուած սուրճը կրնայ ժխտական հետեւանքներ ունենալ անոնց առողջութեան վրայ, մա՛նաւանդ անոնց մօտ, որոնք չեն վարժուած օրական այդքան մեծ քանակութեամբ սուրճ խմելու:
Քաղցկեղի մասնագէտ Յինքա Էպօ ըսած է, թէ ա՛յն կիները, որոնք համեմատաբար աշխուժ կեանք մը կ՛ապրին, աննշան տարողութեամբ ալքոլ պարունակող խմիչքներ կը խմեն, ինչպէս նաեւ ընդունելի սահմաններու միջեւ կը պահեն իրենց մարմնին ծանրութիւնը, ապա նշեալ ազդակները անոնց մօտ կը նուազեցնեն ո՛չ միայն կուրծքի քաղցկեղի, այլ նաեւ տարբեր տեսակի քաղցկեղներու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
ԻՐԵՆՑ ՄՕՐ ԿԱԹՈՎ ՍՆԱՆԱԾ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ
ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՆՈՒԱԶ ՀԱՐՑԵՐ
ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՆ ՀԵՏԱԳԱՅԻՆ
Վերջերս բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ ա՛յն երեխաները, որոնք չորս ամիս եւ կամ աւելի երկար ատեն իրենց մօր կաթով սնանած են, վարուելակերպի առնչուած նուազ հարցեր ունեցած են հետագային:
Այսուհանդերձ, մասնագէտներուն կատարած ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած տասը հազար մայրերէն ու անոնց երեխաներէն ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ նշեալ երեւոյթին պատճառը որոշ չափով առնչուած է մօր կաթին ունեցած բաղկացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ կաթ տուած ատեն մօր ու զաւակին միջեւ զարգացած յարաբերութեան հետ:
Ծանօթ է արդէն, որ մօր կաթը ունի շարք մը առողջարար յատկութիւններ, օրինակ, անիկա կը նպաստէ երեխաներուն մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին զարգացման, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնէ հետագային անոնց մօտ գիրութեան յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները մանրամասնօրէն արձանագրած են տասը հազար մայրերուն կաթ տուած տեւողութիւնը: Մասնագէտները նաեւ խնդրած են անոնցմէ, որ հինգ տարի հետեւին իրենց զաւակներուն ունեցած վարուելակերպին եւ արձանագրութիւն պահեն անոնց մօտ յառաջացած վարուելակերպի առնչուած հարցերուն (օրինակ` գողութեան, ստախօսութեան ու անհանդարտութեան նման երեւոյթներու) մասին:
Այսուհանդերձ, նշեալ արձանագրութիւններէն ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ իրենց մօր կաթով սնանած մանուկներուն վեց առ հարիւր համեմատութեան մօտ միայն արձանագրուած են վարուելակերպի առնչուած հարցեր, իսկ իրենց մօր կաթով երբեք չսնանած մանուկներուն մօտ վարուելակերպի առնչուած հարցեր ունեցողներուն համեմատութիւնը բարձրացած է տասնվեց առ հարիւրի:
ՆՈՒԱԶ ՀԱԿԱՄԷՏ` ՏԱՐԲԵՐ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՎՏԱՆԳԻՆ
Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ մօր կաթով երբեք չսնանած մանուկները երեսուն առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի հակամէտ եղած են վարուելակերպի հետ առնչուած հարցեր ունենալու վտանգին, քան` մօր կաթով սնանած մանուկները:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ Մարիա Քուիկլի ըսած է, թէ մօր կաթը կը պարունակէ մեծ տարողութեամբ յատուկ տեսակի ճարպային թթու մը, ինչպէս նաեւ` մանուկներուն աճին նպաստող հորմոններ, որոնք անհրաժեշտ են անոնց ուղեղին ու ջղային համակարգին զարգացման գործընթացին համար:
Մասնագէտ Քուիկլի նշած է նաեւ, թէ ա՛յն մայրերը, որոնք իրենց կաթով կը սնուցանեն իրենց երեխաները, շատ աւելի շփման մէջ կ՛ըլլան այս վերջիններուն հետ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեխաները, այդպիսով, բաւական բաներ կը սորվին վարուելակերպի առնչուած ընդունելի ձեւերուն մասին` իրենց կեանքին սկզբնական հանգրուաններուն:
Պէտք է նշել նաեւ, թէ մօր կաթով սնանող մանուկները նուազ հակամէտ են հիւանդանալու վտանգին` նկատի ունենալով, որ մօր կաթը կը պարունակէ մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգը աշխուժացնող բաղկացուցիչներ: Այսուհանդերձ, նուազ յաճախականութեամբ հիւանդանալը եւս որոշ չափով կը նուազեցնէ անոնց վարուելակերպի առնչուած հարցեր ունենալու վտանգին տարողութիւնը:
Մասնագէտները ըսած են, որ թէեւ տակաւին վերջնականացած չեն նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տուեալները, սակայն հետագային վարուելակերպի առնչուած համեմատաբար նուազ հարցեր դիմագրաւելը կարելի է տեղ մը վերագրել մօր կաթին` այս վերջինին ունեցած տարբեր օգտակարութիւններուն շարքին դասելով նաեւ նշեալ երեւոյթը:
Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները ըսած են, թէ ա՛յն մայրերը, որոնք տարբեր պատճառներով չեն կրցած իրենց կաթով սնուցանել իրենց երեխաները, ապա ատիկա չի նշանակեր, թէ այս վերջիններուն մօտ անպայմանօրէն վարուելակերպի առնչուած հարցեր կը յառաջանան հետագային:
ԱՆՀԱՆԴԱՐՏ ՈՏՔԵՐ` ՆՈՅՆԻՍԿ
ՔՆԱՑԱԾ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ…
Ծանօթ է արդէն, որ մարդկային մարմնին տարբեր շարժումները հակակշռող ջղային համակարգին մէջ յառաջացած հիւանդութիւններու պատճառով յաճախ միջին տարիքի մարդիկ եւ կամ տարեցներ կ՛ունենան անհանդարտ ոտքեր նոյնիսկ իրենց հանգիստ ըրած վիճակին մէջ:
Նշեալ երեւոյթը տարբեր տարողութիւններով կը յայտնուի անոնց մօտ: Այսպէս, օրինակ, ոմանց ոտքերը համեմատաբար աւելի թեթեւ ցնցումներ կ՛ունենան, եւ որոնք ատեն մը ետք կը բարելաւուին` բժշկական պարզ թելադրանքներու հետեւելով: Իսկ ոմանց մօտ նշեալ երեւոյթը շատ աւելի շեշտուած կ՛ըլլայ եւ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծուի տարբեր դեղամիջոցներու գործածութեան:
Ջղային համակարգին առնչուած հիւանդութիւններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող ջղաբաններ յայտնած են, թէ գոյութիւն ունին անհանդարտ ոտքեր ունենալու վիճակը բնորոշող յատկանշական որոշ երեւոյթներ: Այսուհանդերձ, նշեալ վիճակին մէջ եղող մարդիկ ոտքերու ցաւ չեն զգար, սակայն այնպիսի՛ արտասովոր գրգռում մը կը յառաջանայ անոնց ոտքերուն մկաններուն մէջ, որ ոտքերը շարժելու անզսպելի մղում մը կու տայ անոնց` մասնաւորաբար ոտքերը երկնցուցած վիճակով հանգիստ ըրած ատեն: Սակայն, երբ մարդիկ շարժումի մէջ են, ապա անոնց ոտքերուն անհանդարտ վիճակը կը բարելաւուի:
Նման վիճակ մը յաճախ կը յառաջանայ նաեւ ձեռքերուն մէջ:
Մասնագէտները նշած են, թէ անհանդարտ ոտքեր ունեցող մարդոց քնացած ատեն յաճախ այնքա՛ն կը շարժին անոնց ոտքերուն մատները, ոտքերը եւ կամ սրունքները, որ իրենց խոր քունէն կ՛արթնցնեն զիրենք: Այսուհանդերձ, ամբողջ գիշերը շարունակ շարժած ոտքերը, ցերեկը յոգնած կը զգացնեն մարդիկը:
Թէեւ մասնագէտներուն համար տակաւին յստակ չէ մարդոց անհանդարտ ոտքեր ունենալուն գլխաւոր պատճառը, սակայն կարգ մը մասնագէտներ նշեալ երեւոյթին պատճառը կը վերագրեն ծիներուն:
ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻ ՊԱՐԶ
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ
Մասնագէտները նշած են, թէ անհանդարտ ոտքեր կրնան ունենալ նաեւ յղութեան վերջին հանգրուանին մէջ եղող կարգ մը կիներ, սակայն, ընդհանրապէս ասիկա կ՛անհետանայ ծննդաբերութենէն ետք:
Նման վիճակ մը կրնայ յայտնուիլ նաեւ արեան տկարութիւն ունեցող կարգ մը պարագաներու մօտ, ինչպէս նաեւ` քունի պակաս ունեցող մարդոց մօտ:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ անհանդարտ ոտքեր ունենալու երեւոյթը կրնայ բարելաւուիլ` նշեալ վիճակին մէջ եղող մարդոց ապրելակերպին մէջ կարգ մը պարզ փոփոխութիւններ յառաջացնելով: Այսպէս, օրինակ, սուրճին, թէյին ու քաֆէին պարունակող այլ տեսակի խմիչքներուն, ինչպէս նաեւ ալքոլ պարունակող խմիչքներուն գործածութեան տարողութիւնը նուազեցնելը եւ կամ անոնց գործածութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցնելը կրնայ ուշագրաւ կերպով բարելաւել ոտքերուն անհանդարտ վիճակը:
Նշեալ ոտքերուն հանդարտեցման նպաստող այլ ազդակ մըն է նաեւ բաւարար քնանալն ու քունի ժամերը կանոնաւորելը, ինչպէս նաեւ` օրական մարմնամարզ կիրարկելը, ինչպէս, օրինակ, ոտքերուն մկանները պրկող մեղմ մարզանքներ ընելն ու հանդարտօրէն քալելը:
Մասնագէտները ըսած են, թէ երբ նշեալ միջոցները բարելաւում չյառաջացնեն մարդոց մօտ, ապա անհրաժեշտ է, որ մասնագէտներու կողմէ յանձնարարուած դեղամիջոցներով դարմանում ստանան անոնք:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր`
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»)