Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՌՈՒՍԻՈՅ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երէկ վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան` ընդգծելով, որ Ռուսիա կը մերժէ որեւէ միջամտութիւն Լիբանանի ներքին հարցերուն: Ազգային կուսակցութեանց եւ այլ անձնաւորութեանց համակարգումի մարմինին պատուիրակութիւնը ընդունելով` դեսպան Զասպիքին նշեց, որ Սուրիոյ գծով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ առանց նախապայմանի եւ թէ ամերիկեան կողմէն կը պահանջուի նոյնը պարտադրել սուրիական ընդդիմութեան ուժերուն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Աւստրալիոյ դաշնակցային ոստիկանութեան փոխ հրամանատար Փիթըր Տրենընը: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES