Շարպել Եւ Ապու Ֆաուր Քննարկեցին Սուրիացի Գաղթականներու Իրավիճակը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քննարկեց սուրիացի գաղթականներուն Լիբանան կեցութեան պայմաններն ու անոնց ապրելակերպը դիւրացնող միջոցառումները:

Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ նահանգապետներ, գաւառապետներ եւ այս հարցով կազմուած ապահովական բջիջի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Փիեռ Սալեմ: «Այս հանդիպումը կը միտի սուրիացի գաղթականներու ընկերային պայմաններուն ահաւորութիւնը մեղմացնել», յայտնեց Ապու Ֆաուր:

 

Share this Article
CATEGORIES