Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ներկայ` «Արեւելքի Քրիստոնեաներն Ու Շրջանային Տագնապը» Խորագրեալ Խորհրդաժողովին

«Արեւելք քրիստոնեաներն ու շրջանային տագնապը» նիւթով խորհրդաժողով մը կայացաւ երէկ Լիբանանի մէջ, ուր Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան մասին խօսք առնող բանախօսներ արծարծեցին շրջանի, յատկապէս Իրաքի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի քրիստոնեաներուն իրավիճակը:

Այս ծիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ հայութեան պարագան, որ «մէկուկէս միլիոն զոհ տուաւ Թուրքիոյ մէջ»:

Խորհրդաժողովի բանախօսներէն` Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ ըսաւ. «Չկայ արաբական գարուն` առանց արեւելեան ազատ քրիստոնէութեան, չկայ զարթօնք` առանց նոր ըմբռնումներու»:

 

Share this Article
CATEGORIES